Բողոքի գործողութիւնները կը շարունակուին մինչեւ այս պահը, եւ կը սպասուի, որ ընդդիմութեան անունով հանդէս գայ ՀՅԴ ներկայացուցիչ ՝Իշխան Սաղաթէլեանը ընդդիմադիր ճակատի յառաջիկայ ընելիքները հանրութեան ներկայացնելու նպատակով։
Բաղրամեան Պողոտայի վրայ ստեղծուած լարուածութեան ընթացքին վատացած է ըննդիմադիր պատգամաւոր , «Հայաստան» դաշինքի անդամ՝ Ակնեսա Խամոյեանի ինքնազգացողութիւնը։
Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած է «168 ժամ» կայքը, որ նաեւ այդ մասին կարճ տեսանիւթ մըն ալ հրապարակած է։
Յիշեցնենք, որ այսօր Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի գործողութիւններու արդէն 3-րդ օրն է, եւ ընդդիմադիր շարժման որոշումով հազարաւոր ցուցարարներ հասած էին Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց, իրենց ցասումը արտայայտելու եւ հերթական անգամ Փաշինեանի հրաժարումը պահանջելու նպատակով։