image

Պատերազմին պատճառով կազի գինը բարձրացած է 3600 ԱՄՆ տոլարի

Պատերազմին պատճառով կազի գինը բարձրացած է 3600 ԱՄՆ տոլարի

Երկուշաբթի օր Եւրոպայի մէջ կազի գինը սրընթաց աճ արձանագրած է` հասնելով մինչեւ 3600 տոլար հազար խորանարդ մեթրի համար։ Ընդ որում, կազը երէկ արժած է 2400 տոլարէն պակաս, գրած է korrespondent.net-ը։ 

Ըստ աղբիւրին՝ կազը կը թանկանայ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ ռուսական ուժանիւթեր ներմուծելու արգելքի հնարաւորութեան շուրջ քննարկումներու ֆոնին: 

Այդ պատճառով նաւթը նոյնպէս կը թանկանայ։ Այսօր նաւթին գինը գերազանցած է մէկ տակառին համար 139 տոլարը. այս ամենաբարձրն է 2008-էն ի վեր։

NBC հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու դաշնակիցները Եւրոպայի մէջ «աշխուժօրէն կը քննարկեն» ռուսական նաւթը ներմուծելէն հրաժարելու հնարաւորութիւնը։