image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմի վճռորոշ փուլին ենք. ՆԱԹՕ-ի քարտուղար

Պատերազմի վճռորոշ փուլին ենք. ՆԱԹՕ-ի քարտուղար

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը վճռորոշ փուլի մէջ է։ Համապատասխան յայտարարութիւնը ան ըրած է գերմանական Handelsblatt թերթին տուած հարցազրոյցին, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

«Մենք պատերազմի վճռորոշ փուլին ենք»,- ըսած է գլխաւոր քարտուղարը՝ ընդգծելով, որ «կատաղի մարտեր» կ'ընթանան։

Միաժամանակ Սթոլթընպըրկը կարծիք յայտնած է, որ Քիեւի ռազմական աջակցութիւնը «խաղաղութեան ամենաարագ ճանապարհն է»։

Սթոլթընպըրկը կը կարծէ, որ արեւմտեան երկիրները շուտով պիտի աւելցնեն ծանր սպառազինութեան մատակարարումները Ուքրանիոյ: Անոր խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցները գիտեն, որ Ուքրանիոյ անհրաժեշտ են այնպիսի մարտական հրասայլեր, ինչպիսին գերմանական Leopard 2-ն է։

«Եւ սա պիտի ըլլայ այն թեմաներէն մէկը, որ մենք պիտի քննարկենք Ռամշթէյնի մէջ (ամերիկեան օդային ռազմակայան Գերմանիոյ մէջ): Ուքրանիան ներկայացուած պիտի ըլլայ այնտեղ: Ծանր զինտեխնիկա տրամադրելու վերջին խոստումները շատ կարեւոր են, եւ ես առաջիկային աւելին կը սպասեմ»,-ըսած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղարը։

«Մենք կատաղի մարտեր կ'ապրինք: Ուստի կարեւոր է, որ Ուքրանիոյ տրամադրենք յաղթանակի եւ անկախ պետութեան գոյութեան շարունակման համար անհրաժեշտ զէնքերը: Այդ կրնայ հակասական թուալ, բայց Ուքրանիոյ ռազմական աջակցութիւնը խաղաղութեան ամենաարագ ճանապարհն է», -ըսած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը։