Արցախի դէմ լայնածաւալ յարձակման առաջին տարելիցի օրը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական սպառնալիքները հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին։
«Հայկական ֆաշիզմը ոչնչացուած է, բայց անոր դրսեւորումները տեսանելի են: Սա շատ վտանգաւոր միտում է առաջին հերթին հայկական պետութեան համար», ըսած է ան, Ատրպէյճանի մէջ նշուող յիշատակի օրը ժողովուրդին ուղղած իր ուղերձին մէջ:
«Ես արդէն ըսած եմ, եւ այսօր՝ Յիշատակի օրը, մեր շեհիտներու լուսաւոր յիշատակի առջեւ եւս մէկ անգամ կ'ըսեմ՝ եթէ տեսնենք, որ հայկական ֆաշիզմը գլուխ կը բարձրացնէ, եթէ տեսնենք, որ նոր վտանգ կայ մեր ժողովուրդին եւ պետութեան համար, ապա առանց վարանելու կը կոտրենք հայկական ֆաշիզմի գլուխը: Թող բոլորը այդ իմանան: Թող ոչ ոք մոռնայ, որ պատերազմի եւ Յաղթանակի խորհրդանիշ «Երկաթէ բռունցքը» տեղն է», յաւելած է ան։
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը երկար յայտարարութեան մէջ յարձակումը կ'անուանէ «Հայաստանի զինուած ուժերու հերթական ռազմական սադրանքի կանխում», որ, իբր թէ կը համապատասխանէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքներուն, կը թուարկէ հայկական կողմի ենթադրեալ «յանցագործութիւնները», կը հաղորդէ ՄԻԵԴ եւ Միջազգային դատարան դիմումներու մասին։
Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան վերջին մասին մէջ կ'ըսուի․ «Ատրպէյճանը պատրաստ է կարգաւորելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու պահպանման, մասնաւորապէս՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան հիման վրայ։ Հայաստանին կոչ կ'ընենք յարգելու այդ հիմնարար սկզբունքները եւ հետեւելու միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ ի շահ տարածաշրջանի խաղաղութեան, անվտանգութեան պահպանման եւ բարգաւաճման»։