Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատանդառման դէպք մը գրանցուած է։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ «Ալ Նահար»ի կայքէջէն։
Մանրամասնութիւններուն մէջ կը հաղորդուի, որ քաղաքացի մը զէնք բարձրացուցած է Համրա թաղամասին մէջ գտնուող «Ֆէտէրալ» դրամատան մէջ պահանջելով իր ունեցած դրամական աւանդները։
Լիբանանեան բանակը պաշարած է շրջանը եւ ներկայ պահուս վախի մթնոլորտ մը կը տիրէ շրջանին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ դրամատան մէջ կան մեծ թիւով քաղաքացիներ եւ դրամատան պաշտօնեաներ։