ՀՀ Քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան հինգերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 360.1-րդ 2-րդ մասի 3-րդ կէտով յարուցուած քրէական գործի շրջանակներուն մէջ կ'իրականացուին քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններ` պարզելու պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Արգիշտի Արմէնի Եղեանի մահուան հանգամանքները:
Նախնական տուեալներով, 2022 թուականի Մայիս 11-ին` ժամը 10:15-ի սահմաններուն, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի հրաձիգ-նռնակաձիգի օգնական, պարտադիր ժամկէտային զինուոր, շարքային Արգիշտի Արմէնի Եղեանը, նոյն զօրամասի պահպանութեան տեղամասին մէջ գտնուող մարտական դիրքի դիտակէտին մէջ իրեն ամրակցուած ինքնաձիգէն կրակոց արձակելով կրծքավանդակի շրջանին, ինքնասպան եղած է:
Նախաքննութիւն կը կատարուի: