image

Պաքուն պէտք է կատարէ դատարանի որոշումը՝ առանց շահարկումներու․ ԱԳՆ խօսնակ

Պաքուն պէտք է կատարէ դատարանի որոշումը՝ առանց շահարկումներու․ ԱԳՆ խօսնակ

Արդարադատութեան միջազգային դատարանի փետրուար 22-ի որոշումը պէտք է ամբողջութեամբ կատարուի Ատրպէյճանի կողմէ՝ առանց որեւէ շահարկումներու եւ բովանդակութեան կեղծ մեկնաբանութիւններու:

Այս մասին թուիթըրեան իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը՝ անդրադառնալով ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 6 յուլիսի որոշման՝ Լաչինի միջանցքի մէջ ատրպէյճանական անցակէտ տեղադրելու վերաբերեալ Հայաստանի դիմումի վերաբերեալ:

«Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վերահաստատել է իր որոշումը՝ Ադրբեջանին պարտաւորեցնելով Լաչինի միջանցքով ապահովել անարգել մուտք:

Դատարանի որոշումը, որը յստակ է եւ չի փոխուել 2023 թուականի փետրուարի 22-ից ի վեր, պէտք է ամբողջութեամբ կատարուի Ադրբեջանի կողմից՝ առանց որեւէ շահարկումների եւ տեքստի կեղծ մեկնաբանութիւնների»,- գրած է Բադալեան։