Ֆրանսայի Սենատի՝ Օտարերկրեայ ազդեցութեան ուսումնասիրման յանձնաժողովը «Վնասակար արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարը» վերտառութեամբ զեկոյց ներկայացուցած է՝ ի թիւս այլ հարցերու, անդրադառնալով նաեւ Պաքուին: Ըստ զեկոյցի՝ Ատրպէյճանը նոր վտանգաւոր տարր է միջազգային ասպարէզի մէջ, որ կը սպառնայ Ֆրանսային եւ կը վարկաբեկէ ժողովրդավարութիւնը։
«Հայաստանին Փարիզի աջակցութենէն ետք Ատրպէյճանը սկսած է թշնամանք դրսեւորել: Այդ կ՚արտայայտուի Ֆրանսայի ներքին գործերուն միջամտելու փորձերով։ Ֆրանսացի նախարարները նշած են Ֆրանսայի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու մէջ աննախադէպ ճգնաժամը»,-ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
Զեկոյցի համաձայն՝ Ատրպէյճանը Ռուսիոյ աջակցութեամբ եւ ոչ պետական կառոյցներու միջոցով, գործողութիւններ կ՚իրականացնէ Ֆրանսայի դէմ: «Այդ գործողութիւնները կը տարածուին նաեւ ֆրանսական անդրծովեան տարածքներու վրայ»,- ընդգծուած է փաստաթուղթին մէջ:
Նշուած է, որ Պաքուն նաեւ ապատեղեկատուական արշաւ կազմակերպած է Ողիմպիական խաղերու դէմ։