image

Պաքուն երախտապարտ է Մոսկուային

Պաքուն երախտապարտ է Մոսկուային

Մոսկուան կը շարունակէ հարթակ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու համար՝  ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլի։

«Մենք երախտապարտ ենք Ռուսիոյ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միջնորդական ջանքերու համար:

Կ'ուզեմ յատկապէս նշել, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ Դաշնութեան դերը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման գործով, որ արդէն պատմութիւն դարձած է ։

Իր վերջին հարցազրոյցին նախագահ Իլհամ Ալիեւ բարձր գնահատած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական դերը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման գործով»,- նշած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը:

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումները պէտք է միտուած ըլլան «տարածաշրջանի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան շուտափոյթ հաստատման»: