Մոսկուան կը շարունակէ հարթակ ըլլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու համար՝ ԹԱՍՍ-ի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլի։
«Մենք երախտապարտ ենք Ռուսիոյ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միջնորդական ջանքերու համար:
Կ'ուզեմ յատկապէս նշել, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը բարձր կը գնահատէ Ռուսիոյ Դաշնութեան դերը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման գործով, որ արդէն պատմութիւն դարձած է ։
Իր վերջին հարցազրոյցին նախագահ Իլհամ Ալիեւ բարձր գնահատած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անձնական դերը ռազմական գործողութիւններու դադրեցման գործով»,- նշած է ատրպէյճանցի դիւանագէտը:
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումները պէտք է միտուած ըլլան «տարածաշրջանի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան շուտափոյթ հաստատման»: