image

Պաքուն դժգոհ է եւ «բողոքի նօթ» մը յղած է Մոսկուային

Պաքուն դժգոհ է եւ «բողոքի նօթ» մը յղած է Մոսկուային

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը «նօթա» յղած է ռուսական կողմին՝ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ գտնուող Դրմբոնի եւ Կաշենի հանքավայրերու շուրջ տեղի ունեցած միջադէպի կապակցութեամբ։ Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզադէի տարածած յայտարարութեան մէջ։

«Արտաքին գործերու նախարարութիւնը «նօթա» յղած է ռուսական կողմին: Մենք կոչ կ'ընենք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան՝ ապահովելու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու մուտքը այդ դաշտեր»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Այխան Հաճիզադէ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ նաեւ ըսած է, որ ատրպէյճանական կողմը բազմիցս դիմած է խաղաղապահ զօրամիաւորման հրամանատարութեան`անոնց տեղակայման վայրերուն մէջ բնական պաշարներու «ապօրինի շահագործումը» կանխելու, ինչպէս նաեւ միջավայրի վրայ ատոր բացասական ազդեցութեան հետեւանքները վերացնելու համար: 

Նշուած է, որ յաճախ ատրպէյճանական կողմի այս յորդորներուն պատասխան չէ տրուած, խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ ոչ մէկ միջոց ձեռնարկուած է «Ատրպէյճանի բնական պաշարներու ապօրինի շահագործումը կանխելու համար»։

Յիշեցնենք, որ նախօրէին ատրպէյճանական կողմը, հիմք ընդունելով Մարտակերտի շրջանի ականներու դիտարկման նպատակով Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութեան ուղղուած նամակը, ծրագրած էր այցելել Դրոմբոն եւ Կաշենի հանքավայրեր։ Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնած են, որ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատարութիւնը վերադասներու յանձնարարականով թոյլ տուած է մէկանգամեայ դիտարկողական այց վերոնշեալ տարածքներ։