Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի 22 յունուարի յայտարարութեան առ այն, որ «Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները`տարածքային յաւակնութիւններու մասին, խիստ մտահոգիչ են», եւ որ «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում պիտի ըլլայ անընդունելի եւ պիտի ունենայ լրջագոյն հետեւանքներ Ատրպէյճանի հետ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու համար»:
Ըստ Պաքուի՝ Պորելը «կը խեղաթիւրէ» փաստերը՝ «արհամարհելով» Ատրպէյճանի օրինական շահերը, եւ նման «սպառնալից հռետորաբանութիւնը երկակի չափանիշերու վառ օրինակ է», որն ալ աւելի կը սրէ Ատրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները։
«Բարձր ներկայացուցիչը ոչ միայն ամբողջութեամբ կը խեղաթիւրէ Ատրպէյճանի նախագահի տեսակէտներն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքներու վերաբերեալ պատմական փաստերու շուրջ, այլ նաեւ կը հրահրէ ռազմականացուած եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւն Ատրպէյճանի նկատմամբ», -ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Այնտեղ նաեւ նշած է, որ ներկայիս նախադրեալներ ստեղծուած են Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար: