image
Հրատապ լուրեր:

Պաքու վտարեց Իրանցի դիւանագէտները

Պաքու վտարեց Իրանցի դիւանագէտները

Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան 4 աշխատակից «անցանկալի անձ» յայտարարուած է, հինգշաբթի հաղորդած է Trend գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան։

Ապրիլ 6-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ Ապպաս Մուսավին։ Հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանական կողմը Իրանի դեսպանին խիստ դժգոհութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի դէմ իր երկրի սադրիչ գործողութիւններու վերաբերեալ։

Իրանի դեսպանին տեղեկացուցած են, որ Իրանի դեսպանատան չորս աշխատակից Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած է «անցանկալի անձ»՝ դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող եւ 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագրին հակասող գործունէութեան համար: Այդ անձինք պէտք է 48 ժամուան ընթացքին լքեն Ատրպէյճանի տարածքը:

Նշենք, որ վերջին շրջանին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները խիստ լարուած են: