image

Պաքու կը շարունակէ ծաղրանքի դատավարութիւնները հայ գերիներուն հանդէպ

Պաքու կը շարունակէ ծաղրանքի դատավարութիւնները հայ գերիներուն  հանդէպ

Պաքուն կը շարունակէ դատական կեղծ արաքը հայ ռազմագերիներ Իշխան Սարգսեանի եւ Վլատիմիր Ռաֆայէլեանի հանդէպ, որոնք «ահաբեկչութեան» մէջ կը մեղադրեն:

Ինչպէս կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները, «դատարանը» ուսումնասիրած է գործին մէջ առկայ փաստաթուղթերը: Կը նշուի, որ «Իշխան Սարգսեանի բջջային հեռախօսի զննութեամբ յայտնաբերուած է 2019 թուականին նկարահանուած տեսագրութիւն, որով կը սահմանուին Ատրպէյճանի Թովուզի շրջանի Աղպուլաղ գիւղի տուեաները: Այս գիւղէն 40 քմ հեռաւորութեամբ` Էյուպլու գիւղի տարածքին կը գտնուի Պաքու-Թիֆիս-Ճէյհան նաւթամուղի կայանը: Իշխան Սարգսեանի բջջային հեռախօսին մէջ յայտնաբերուած են նաեւ Քելբաջարի շրջանի Եուխարի Այրիմ գիւղի նկարներ` մինչ ականի տեղադրումը»:

«Դատավարութիւնը» պիտի շարունակուի Փետրուար 28-ին: