image

Պապիկեան մեկնած է Պուլկարիա. Ան մասնակցած է «ՀԵՄՈՒՍ-2024» ցուցահանդէսին

Պապիկեան մեկնած է Պուլկարիա. Ան մասնակցած է «ՀԵՄՈՒՍ-2024» ցուցահանդէսին

Յունիս 5-ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն աշխատանքային այցով մեկնած է Պուլկարիա: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Պուլկարիա այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այցելած է Պլովտիւ քաղաքի մէջ բացուած «ՀԵՄՈՒՍ-2024» միջազգային ցուցահանդէս։

Ինչպէս յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն, նախարար Պապիկեան մասնակցած է ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութեան:

Այնուհետեւ Սուրէն Պապիկեան շրջած է ցուցահանդէսի տաղաւարներով, ծանօթացած սպառազինութեան ներկայացուած ցուցանմուշներուն, զրուցած ռազմարդիւնաբերական շարք մը ընկերութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հետ։