image
Հրատապ լուրեր:

Պախմուտի մէջ թէժագոյն մարտեր

Պախմուտի մէջ թէժագոյն մարտեր

Ուքրանացի զինուորականները կը շարունակեն յառաջխաղացումը Պախմուտի մերձակայքը գտնուող տարածքներուն մէջ։ Սակայն տարածքներու ազատագրումը հեշտ չէ, ռուսական զօրքերը կը փորձեն վերականգնել կորսնցուցած դիրքերը։

Ինչպէս գրած է РБК-Украина-ն, այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Աննա Մալիարը։ Ան նշած է, որ Պախմուտի ուղղութեամբ կատաղի մարտերը կը շարունակուին, եւ ուքրանացի զինուորականներու յառաջխաղացումը հեշտ չէ, քանի որ ռուսական զօրքերը մեծ թուով ուժեր կեդրոնացուցած են։

«Դուք պէտք է հասկնաք այս յառաջխաղացման արժէքը: Այնտեղ մարտական առաջադրանքներ կատարելը շատ դժուար է, քանի որ հակառակորդը կեդրոնացուցած է իր ուժերու ահռելի ծաւալը: Եւ փաստօրէն, այնտեղ ամէն մելթրը նման է այլ վայրերու մէջ, այլ պայմաններու մէջ 10 քիլոմեթր յառաջխաղացման»,- ընդգծած է փոխնախարարը։

«Ինչ կը վերաբերի բուն Պախմուտին, մարտերու մեծ մասը այժմ կ'ընթանայ հարաւ-արեւմտեան հատուածին մէջ: Բայց մենք այս պահու դրութեամբ կը վերահսկենք այս հատուածը, եւ հակառակորդը չի կրնար իրականացնել իր ծրագրերը: Այսինքն՝ յարձակումները կը շարունակուին»,- ընդգծած է Մալիարը։

Աւելի վաղ գերմանական Bild թերթը գրած էր, որ ընդամէնը քանի մը օր կամ նոյնիսկ ժամեր անց ուքրանական Պախմուտ քաղաքը պիտի գրաւուի եւ յայտնուի ռուսական ուժերու լիակատար վերահսկողութեան տակ։ Այս մասին գրած է գերմանական Bild թերթը։

«Աւելի քան ութ ամիս կատաղի մարտերէ ետք նախապէս 70,000 բնակչութիւն ունեցող Պախմուտ քաղաքի ամբողջական գրաւման մնացած են հաշուած օրեր կամ նոյնիսկ ժամեր»,- գրած է Bild թերթը՝ աւելցնելով, որ «Պախմուտն այժմ 99 տոկոսով ռուսերու ձեռքն է»:

Նշուած է, որ Ուքրանիոյ հսկողութեան տակ կը մնայ քաղաքի արեւմտեան մասի ծայրամասային փողոցի միայն վերջին կողմը։ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը կը վերահսկեն 20 տուն։ Պարբերականը նշած է, որ Պախմուտի մէջ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ծրագիրը փոխուած է։ Եթէ նախապէս քաղաքը պահելու խնդիր կար, ապա հիմա այլ է։

«Նպատակը բացառապէս Պախմուտէն դէպի արեւմուտք ռուսերու յառաջխաղացման յետաձգումն է»,-ըսուած է հրապարակման մէջ։

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Պախմուտը անառիկ ամրոց է։ 

Պախմուտի ուղղութեամբ որոշիչ դեր կը խաղան ռուսական «Վակներ» մասնաւոր ռազմական ընկերութեան գրոհային ջոկատները։

Պախմուտը կը գտնուի ինքնահռչակ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան՝ Քիեւի կողմէ վերահսկուող մասին մէջ: Քաղաքը կարեւոր փոխադրային հանգոյց է Տոնպասի մէջ ուքրանական զօրքերու խումբին մատակարարելու համար։