image
Հրատապ լուրեր:

Պաղտատ. Ցուցարաները ներխուժած են Խորհրդարան

Պաղտատ. Ցուցարաները ներխուժած են Խորհրդարան

Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ ցուցարարները ներխուժած են խորհրդարանի շէնք։

Մինչ այդ, ցուցարարները յաջողած են մտնել Պաղտատի կեդրոնը գտնուող յատուկ պահպանուող «Կանաչ գօտի»։

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ ցոյց սկսած էր՝ ընդդէմ երկրի վարչապետի պաշտօնին Մուհամմատ ալ-Սուտանիի թեկնածութեան առաջադրման։

Իրաքի ներկայիս վարչապետ Մուսթաֆա ալ Քազեմին ցուցարարներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու խորհրդարանի շէնքը։