image

Պաղեստինեան խնդրի լուծման առընթեր ԱՄՆ յանձնառու է

Պաղեստինեան խնդրի լուծման առընթեր ԱՄՆ յանձնառու է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «կը փորձեն խաղաղութեան հոլովոյթը ամրապնդել»:

Պայտըն Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ՝ Մոհամետ Ապպասի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ երկու պետութիւններու լուծման իրագործման նպատակին նկատմամբ յանձնառութիւնս չէ փոխուած, եւ «երկու պետութիւնները» սկզբունքը ներառէ գերիշխանութեան տէր եւ աշխարհագրական մէկ ամբողջութիւն կազմող պաղեստինեան անկախ պետութեան գոյութիւնը»:

«Երուսաղէմը պաղեստինեան եւ իսրայէլեան հայեցակարգին մէջ առանցքային է, որպէսզի ըլլայ բոլոր հոն բնակողներուն քաղաքը, եւ Յորդանանի հովանաւորութիւնը հիմնական հարց է», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ան ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին յաւելեալ 200 միլիոն տոլարով ֆինանսաւորումը յայտարարեց:

Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցի լրագրող՝ Շիրին Ապու Աքիլայի իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սպանութեան, Պայտըն ըսաւ. «Անիկա պաղեստինցի է եւ ամերիկացի քաղաքացի. սպաննուեցաւ, երբ անկախ լրատուութեան մէջ իր դերը կը կատարէր»` շեշտելով. «Միացեալ Նահանգներ անոր սպանութեան շուրջ անկախ հետաքննութեան աջակցութեան համար իրենց դերը պիտի կատարեն»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ՝  Մահմուտ Ապպաս իր կարգին յայտարարեց. «Խաղաղութեան ու անվտանգութեան բանալին կը սկսի Պաղեստինի պետութեան ճանաչումով»:

Ան խօսքը Պայտընին ուղղելով ըսաւ. «Մենք կ'ակնկալենք ձեր վարչակազմին ջանքերը` փակելու բռնագրաւումի էջը, ինչպէս նաեւ բնակեցումի, բնակեցման վայրերու բնակիչներու բռնարարքներուն վերացումը եւ սրբազան վայրերու մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան յարգումը կ'ակնկալենք»:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն