image

Պաղեստինցիներուն դէմ բռնարարքները կը շարունակուին. Կան տուժածներ

Պաղեստինցիներուն դէմ բռնարարքները  կը շարունակուին. Կան  տուժածներ

Տասնեակ իսայէլացիներ ներխուժած են Աքսա մզկիթը Մուղրապի դարպասին կողմէ, մինչդեռ ոստիկանութիւնը արգիլած է հաւատացեալներուն մօտենալ արեւելեան շրջանին, ուր իսրայէլացիները կը կատարեն իրենց թալմուտեան ծէսերը, այն ժամանակ, երբ փաստուած է 571 իսրայէլացիի ներխուժումը Աքսա մզկիթ անցեալ շաբթուայ ընթացքին երկու հերթափոխով` առաւօտեան եւ երեկոյեան:

 

Երէկ` Կիրակի օր, իսրայէլեան ուժերու կողմէ սպաննուած են 3 պաղեստինցիներ եւ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են Բեթղեհէմի եւ Խալիլի մէջ, Յորդանան գետի Արեւմտեան ափի առանձին հատուածներու մէջ, ձերբակալութիւններու արշաւի հետ զուգահեռ, որմէ տուժած է 36 քաղաքացի:

Բեթղեհէմի արեւմուտքը գտնուող Հուսան գիւղին մէջ իսրայէլեան ուժերը կրակած են պաղեստինցի կնոջ վրայ, եւ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ կինը հասած է Պէյթ Ճալայի կառավարական հիւանդանոց, ոտքի զարկերակի կտրուածքով, մեծ քանակութեամբ արեան կորուստի զուգահեռ, եւ շուտով յայտարարուեցաւ անոր մահուան մասին:

Երէկ երեկոյեան, գիւղին մէջ իսրայէլեան ուժերուն հետ վերսկսուած առճակատման ժամանակ տասնեակ խաղաղ բնակիչներ շնչահեղձ եղած են, երբ արցունքաբեր կազ եւ ձայնային ռումբեր կիրառուած է քաղաքացիներու եւ ցուցարարներու տուներուն վրայ:

Բեթղեհէմէն հարաւ գտնուող Խատըր քաղաքէն պաղեստինցի երիտասարդ մը նահատակուած է ծանր վիրաւորում ստանալէ յետոյ, ինչպէս նաեւ Խալիլ քաղաքի Ապու Տաաժան շրջանէն երիտասարդ կին մը նահատակուած է, երբ ծանր վիրաւորուած իսրաէլեան ուժերուն կողմէ:

Ժենինի նահանգին մէջ Կիրակի լուսադէմին իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Ժենին եւ Եաապատ քաղաքները գրոհելու ժամանակ երկու երիտասարդ վիրաւորուած են ուղիղ փամփուշտներով, տասնեակները շնչահեղձ եղած են, իսկ 12 խաղաղ բնակիչներ ձերբակալուած են:

Նապլուսի մէջ շարք մը խաղաղ բնակիչներ շնչահեղձ եղած են իսրայէլեան ուժերու հետ բախումներու ժամանակ, որոնք ռետինէ փամփուշտներ եւ արցունքաբեր կազ արձակած են:

Թուլքարմի մէջ 4 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է, եւս մէկը ձերբակալուած է նահանգէն արեւելք գտնուող Նուր Շամս գաղթակայանի վրայ իսրայէլեան զօրքերու գրոհի ժամանակ, երկուքը վիրաւորուած են ուղիղ փամփուշտներէն, իսկ երկուքը` իսրայէլեան ոստիկանական շուներէն:

Իսկ Արիհայի մէջ 3 խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է իսրայէլեան զօրքերու գնդակներէն` նահանգէն հարաւ գտնուող Աքապաթ Ժապր գաղթակայանի գրոհի ժամանակ` իրական եւ ռետինէ փամփուշտներէ, ինչպէս նաեւ ձայնային եւ կազային ռումբերու հետեւանքով:

Երէկ իսրայէլեան զօրքերուն կողմէ իրականացուած ձերբակալութիւններուն արշաւը կը ներառէր երիտասարդներ զանազան նահանգներէ, ինչպիսիք են Երուսաղէմը, Ռամալլան, Խալիլը եւ Սալֆիթը:

Տասնեակ իսայէլացիներ ներխուժած են Աքսա մզկիթը Մուղրապի դարպասին կողմէ, մինչդեռ ոստիկանութիւնը արգիլած է հաւատացեալներուն մօտենալ արեւելեան շրջանին, ուր իսրայէլացիները կը կատարեն իրենց թալմուտեան ծէսերը, այն ժամանակ, երբ փաստուած է 571 իսրայէլացիի ներխուժումը Աքսա մզկիթ անցեալ շաբթուայ ընթացքին երկու հերթափոխով` առաւօտեան եւ երեկոյեան: