Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան ատրպէյճանցի գործընկերոջ՝ Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ նշած է, որ Իրան կովկասեան վէճի կարգաւորման ճիշդ ճանապարհ կը համարէ «3+3» ձեւաչափով հանդիպումները եւ տարածաշրջանային մեքանիզմը, տեղեկացուցած է Mehr-ը։
Հեռախօսազրոյցի ժամանակ Ամիր Ապտուլ Լահիան Պայրամովին հաւաստիացուցած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը, ինչպէս միշտ, ջանքերը կ'ուղղէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վէճերու լուծման դիւանագիտական եւ տարածաշրջանային ուղիներով։
Ամիր Ապտուլ Լահիան նշած է իրանա-ատրպէյճանական լաւ յարաբերութիւններու մասին՝ հաւաստիացնելով, որ Աստանայի մէջ վերջերս երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպման ժամանակ համաձայնութիւն յայտնուած է, որ անհրաժեշտ է յարգել բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Ատրպէյճանինը։
«Մենք միշտ համարած ենք, որ օտարերկրեայ տէրութիւններու ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ աւելի կը բարդացնէ վէճերը, ատոր համար ալ մենք դէմ ենք անոնց ներկայութեան»,- աւելցուցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը։
Իրանցի դիւանագէտը նաեւ հաւաստիացուցած է, որ տարածաշրջանի անվտանգութիւնը կենսականօրէն կարեւոր է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համար, եւ Իրանը Ատրպէյճանի անվտանգութիւնը կը համարէ իր սեփական անվտանգութիւնը եւ դէմ է տարածաշրջանին մէջ օտարերկրեայ ուժերու տեղակայման, որ սպառնալիքի տակ կը դնէ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ ամուր տարածաշրջանային համագործակցութիւնը։
Ճէյհուն Պայրամով շնորհակալութիւն յայտնած է Ամիր Ապտուլ Լահիանին այն բանի համար, որ ան մանրամասն ներկայացուցած է իր բանակցութիւններու արդիւնքները Հայաստանի պաշտօնական անձանց հետ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման վերաբերեալ։
Պայրամով յայտարարած է, որ նոյնպէս դէմ է օտարերկրեայ ուժերու ներկայութեան տարածաշրջանին մէջ։ Ան իր երկրի համաձայնութիւնը յայտնած է տարածաշրջանային համագործակցութիւնը շարունակելու հարցով, ներառեալ՝ «3+3» ձեւաչափով հանդիպումները։