image

Օրերս նահատակուած Իշխան Օհանեանը Ճարտար քաղաքէն էր

Օրերս   նահատակուած  Իշխան Օհանեանը Ճարտար քաղաքէն էր

Արցախի արեւելեան սահմանագօտիէն ներս հակառակորդին ձեռնարկած սադրանքներու հետեւանքով 25 Մարտին զոհուած 28-ամեայ Իշխան Օհանեանը Արցախի Ճարտար քաղաքէն էր. ան ընդամէնը 2 շաբթուայ զինծառայող էր: Այս մասին յայտնեց անոր ընկերը:

«Շատ բարի, լուսաւոր, պատրաստակամ, հումորով մարդ էր, երկու շաբաթ էր, ինչ անցել էր ծառայութեան ու շատ երկար էր սպասում որ ստացուեր պայմանագրային ծառայութեան անցնելը»,- պատմեց ան:

Իշխանի քրոջ ամուսինն ալ զոհուած էր 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ:

Յիշեցնենք, որ  25 Մարտին, Արցախի արեւելեան սահմանագօտիին մէջ հակառակորդի ձեռնարկած սադրանքներու, մասնաւորապէս` Bayraktar TB-2 տեսակի հարուածային անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման հետեւանքով մահացու վիրաւորում ստացած էին ՊԲ պայմանագրային զինծառայողներ՝ Դաւիթ Ռոպերթի Միրզոյեանը (1978-ի ծնունդ), Իշխան Սերժիկի Օհանեանը (1994-ի ծնունդ) եւ Արարատ Վագիֆի Թեւոսեանը (1990-ի ծնունդ)։

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան աւելի վաղ տեղեկացուցած էր,   որ Ասկերան կայ 14 վիրաւոր, գրեթէ բոլորը վիրաւորուած են ԱԹՍ-ի հարուածներէն։