image
Հրատապ լուրեր:

Օր 8-րդ. Մէկ կողմէ Ռուսական սալ, միււս կողմէ ՆԱԹՕ-ի մուրճ. Ուքրանիան դէպի բաժանո՞ւմ

Օր 8-րդ. Մէկ կողմէ Ռուսական սալ, միււս կողմէ ՆԱԹՕ-ի մուրճ.  Ուքրանիան դէպի բաժանո՞ւմ

Արդեօք Ուքրանիոյ ապագային հետ կապուած կան «թաքուն» ծրագիրներ։ Ռուսաստան, որուն համար այս պահուն ամէնաէականը մայրաքաղաք Քիէւը իր ձեռքին վերցնելն է։ Արդեօք Ռուսաստան պիտի կամենա՞յ, որ իր զօրքերը «մխրճուած» մնան Ուքրանիոյ մէջ, աչքի առնելով ամէն տեսակի սադրանք եւ դաւադրութիւն, կամ թէ յօժարակամ կերպով եւ կազմել տալով, իր քաղաքական գիծին մօտիկ եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայութեան ընդդիմացող վարչակարգ մը կամացուկ մը դուրս գայ Քիէւէն։

Չի բացառուիր անշուշտ, որ Զէլէնսքին «փրկելու» համար, եւ շնորհիւ Արեւմուտքի մեծ ճնշումներուն Փութին վերատեսութեան ենթարկէ իր ծրագիրները։ Կարեւորը, չմոռնանք կարեւորը, Ուքրանիոյ ռուսազգի քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովումն է եւ այդ մէկ բառով կը նշանակէ Տոնպասի (որ բոլոր առումներով ալ հարուստ շրջան մըն Է) Լուկանսք եւ Տոնէսք շրջմարզկեդրոններու «ազատագրումն» է, որ արդէն տեղի ունեցաւ ու այնտեղ յայտարարուած երկու ինքնիշխան հանրապետութիւնները Տէ Ֆաքթո կը համարուին Ռուսաստանին միացող եւ «թիկունք» շրջաններ։

 

 

 

Բանակցութիւնները այսօր առաւօտ

Երէկ ամբողջ օրը կը սպասուէր, որ Ռուս-Ուքրանական հերթական բանակցային հանդիպում կայանար։

Ըստ «Ռօյթըրզ» գորղակալութեան հանդիպումը պիտի կայանար Պէլառուիսոյ եւ Լեհաստանի սահմանային հատուածին մէջ, սակայն առանց յստակ պատճառներու բանակցութիւնները կ՚առկախուէին։ Ռուսաստանեան լրատուական ծառայութիւններ, որ բանակցութեանց կայանալու մասին առաջինը լուր հրապարակած էին յայտնած էին նաեւ, որ Ռուսաստանեան կողմը արդէն իսկ ճամբայ ելած է դէպի բանակցութեանց վայր։

Ամէն պարագայի տակ, արդէն իսկ ութ օրերէ ի վեր ընթացող այս պատերազմին Մոսկուա ռազմական բաւականին աշխոյժ գործողութիւններ կատարելէ բացի մեծապէս տրամադրուած է բանակցութիւններ կայացնելուն։

Մինչ արեւմտեան աղբիւրներ բանակցութեանց հետ կապուած անընդունելի եւ ոչ-իրատեսական կը համարեն Ռուսաստանի «նախապայմաններ»ը, բայց եւ այնպէս նման պարագաներու, նոյնիսկ ամենավատ հռետորաբանութեան զիրար «լուացող» կողմերուն ի մի գալն իսկ կը համարուի դրական։

Ի դէպ երէկ տեղի ունենալիք եւ «սպասուած» բանակցութիւնները, որոնք կը կարծուէր, թէ տապալած էին, պիտի կայացուին այսօր առաւօտուն եւ ինչպէս վերը նշեցի, հակառակ անոր, որ մեծ ակնկալիքներ չկան այս բանակցութիւններէն, բայց եւ այնպէս երկու կողմերուն համար ալ աւելի քան կարեւոր է բանակցութիւններու սեղանին նստելու «վարժութիւններ» կատարելը։

Քաղաքական գետնի վրայ, երէկուան ընդհանուր զարգացումները այնքան ալ մեծ չէին, բացի Ուքրանիոյ նախագահ Զէլէնսքիի կողմէ հնչած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն իրենց (Ուքրանիոյ) եւրոպական Միութեան մաս կազմելու յայտին վերաբերեալ պիտի ստանան դրական արձագանգ։ Յստակ է անշուշտ, որ Զէլէնսքիի համար իր երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրը ունի մեծ կարեւորութիւն, որովհետեւ դարձեալ ըստ Ուքրանական պաշտօնական կողմերու, եթէ Եւրոպա իր մէջ ընդունի (որպէս լիիրաւ անդամ) Ուքրանիան, ապա այդ կը դառնայ տարբեր առումներով դարձակէտային։ Այլ խօսք, որ եւրոպական կողմերուն մէջ ալ այս թեմայով կան հակասական կարծիքներ, այն իմաստով, որ այս օրին հասած, ծանր հարուածներու տակ եղող երկրի մը եւրոպական ընտանիքին մաս դարձնելը, ինչքանով է ձեռնտու։ Ամէն պարագայի այս խնդիրը պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ օրերուն եւ այս առումով եւրոպական մեծ համայնքին առջեւ շատ ժամանակ չկայ։

 

Ռազմադաշտ, ընդհանուր, արագ զարգացումներ եւ զոհերու թիւի ուռճացում

Ժամ առ ժամ յստակ կը դառնայ, որ ռուսաստանեան բանակը կ՚ընթանայ իր գծած նախագիծերով։ 

Եւ այսպէս Խարքովէն, Խերսովէն, Տրոսթեանէցէն (վերջին երկու քաղաքներու պարագային ռուսական զօրքերու տիրապետութիւնը ամբողջական չէ, սակայն մեծ հաշուով ժամերու հարց է) ետք Ռուսական ռազմանաւը կը մօտենան Օտեսային։ Օտեսայի գրաւումը անշուշտ պիտի դառնայ շատ հատու հարուած եւ պաշարման անքակելի օղակ մը պիտի ստեղծէ արդէն իսկ վիրաւոր վիճակ ունեցող մայրաքաղաք Քիէվին վրայ։ 

Ուշագրաւ զարգացումներ կը կատարուին նաեւ Խարքովի մէջ, ուր ըստ «Պի. Պի. Սի.» կայանին կը կատարուին թաղային մարտեր, որուն կը մասնակցին ռուսական զօրքի օդապարիկաւորներ։

Ինչ կը վերաբերի Քիէւի ընդհանուր պատկերին, ապա յայտնի է, որ մայրաքաղաքին առընթեր այսօր (հինգշաբթի օր) կարեւոր զարգացումներ կրնան պատահիլ։ 

Մինչ Քիէւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքով քաղաքացիներու չթուլանալու կոչով հանդէս կուգայ, լրահոսին մէջ կերեւային տեղեկութիւններ ըստ որոնց Ատլանտեան Ուխտի երկիրներու նախկին ռազմիկ-քաղաքացիներու առաջին խումբը շուտով պիտի հասնի Քիէւ։ Ի դէպ այդ աշխարհազօրային գունդը կը կազմուէր արձագանգելով Ուքրանիոյ նախագահ Զէլէնսքիի կոչին, որ դիմած էր իրենց դաշնակից երկիրներուն եւ քանիցս օգնութիւն խնդրած էր անոնցմէ։

Ռազմական գործողութիւններու կողքին մեծ շահարկում կը կատարուի այս պատերազմին ընթացքին ռուսական բանակի ունեցած մասնաւորապէս մարդկային կորուստներուն մասին։ Այդ մասին խօսած է Քիէւի մէջ ռազմավարական կեդրոնի տնօրէն Ռամատան Օրակ։ Օրակ, որ խօսած էր «Պի. Պի. Սի.» կայանին նշած էր, որ օրուան ընթացմքին ռուսական բանակի զոհերուն թիւը հասած է 7 հազարի։ Օրաք նաեւ յոյս յայտնած է, որ այս կորուստները կրնան պատճառ հանդիսանալ, որ Ռուսիոյ մէջ բողոքի ալիք մը գոյանայ, եւ մարդկային կորուստներու գործօնը շատ աւելի ազդեցիկ է, քան ըսենք տնտեսական կամ լրատուական հարուածները, որուն կը դիմակայէ Մոսկուան։

Այլ ուշագրաւ միտք մըն ալ յայտնած է Օրաք, որ ըսած է, թէ մինչ Խորհրդային Միութիւնը Աֆղանիստանի մէջ տուաւ 10 տարուան տուաւ 15 հազար զոհ, իսկ հիմա 7 օրուան ընթացքին Ռուսաստանի զոհերուն թիւը հասած է 7 հազարի։ Անոր ըսելով ալ Ռուսաստանի համար Ուքրանիան պիտի դառնայ նոյնը, ինչ դարձաւ Աֆղանիստանը Խորհրդային Միութեան համար։ 

Դժուար է հաւատալ, որ իրապէս Ռուսիոյ բանակի զոհերուն թիւը հասած ըլլայ 7-ի, իսկ ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ հաստատուած տեղեկութիւնները կ՚ըսեն, որ «Կարմիր բանակ»ի ժառանգորդ համարուող Ռուսական բանակի զոհերուն թիւը ամենաշատը ՝ 500-ն է։

Ամէն պարագայի տակաւին շատ վաղ է խօսելու երկու կողմերու կրած իրական վնասներու պատկերին մասին ու այդ մասին կարելի է ճիշդ տուեալներ ստանալ միմիայն պատերազմի աւարտէն ետք։

 

Ուքրանիան դէպի բաժանո՞ւմ 

Արդեօք Ուքրանիոյ ապագային հետ կապուած կա՞ն «թաքուն» ծրագիրներ։ Ռուսաստան, որուն համար այս պահուն ամէնաէականը մայրաքաղաք Քիէւը իր ձեռքին վերցնելն է, պիտի կամենա՞յ, որ իր զօրքերը «մխրճուած» մնան Ուքրանիոյ մէջ, աչքի առնելով ամէն տեսակի սադրանք եւ դաւադրութիւն, կամ թէ յօժարակամ կերպով եւ կազմել տալով, իր քաղաքական գիծին մօտիկ եւ ՆԱԹՕ-ի ներկայութեան ընդդիմացող վարչակարգ մը կամացուկ մը դուրս գայ Քիէւէն։

Չի բացառուիր անշուշտ, որ Զէլէնսքին «փրկելու» համար, եւ շնորհիւ Արեւմուտքի մեծ ճնշումներուն Փութին վերատեսութեան ենթարկէ իր ծրագիրները։ Կարեւորը, չմոռնանք կարեւորը, Ուքրանիոյ ռուսազգի քաղաքացիներուն անվտանգութեան ապահովումն է եւ այդ մէկ բառով կը նշանակէ Տոնպասի (որ բոլոր առումներով ալ հարուստ շրջան մըն Է) Լուկանսք եւ Տոնէսք շրջմարզկեդրոններու «ազատագրումն» է, որ արդէն տեղի ունեցաւ ու այնտեղ յայտարարուած երկու ինքնիշխան հանրապետութիւնները Տէ Ֆաքթո կը համարուին Ռուսաստանին միացող եւ «թիկունք» շրջաններ։

Այս մօտեցումէն անդին, չի բացառուիր, որ Ռուսաստան բռնակցէ Ուքրանական այլ շրջանններ եւ այդ արդէն կ՚ըլլայ մեծ պատասխան մը նոյնինքն Վ. Փութինէն, որ ինչքան ալ համբերատար ըլլայ «Ռուսական արջ»ը ու ինչքան ալ ձիւնի նման ըլլայ սպիտակ, իրեն համար ոչ մէկ կերպ «հասկնալի», ընկալելի կամ ընդունելի ըլլայ, որ իր քիթին տակ ծաղկի եւ աճի ՆԱԹՕ-ի «կանոններ»ով ապրող երկիր մը, որուն հեռահար նպատակը կորիզային երկիր դառնալն է։ 

Ի վերջոյ, ինչքան ալ բարդ ըլլայ այս պատերազմը, անոր տնտեսական, ընկերային կամ մշակութային հետեւանքները, անհնար է, որ իրավիճակը վերադառնայ այն կէտին, որ էր այս պատերազմի սկիզբէն առաջ։

 

Սագօ Արեան 

 

 

 

 

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...