image

Նուիրական տարիներ, մտերմիկ յուշեր

Նուիրական տարիներ, մտերմիկ յուշեր

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ. ԺԱՄԱՆԱԿ

 

1945 թուականին Գէորգ Զ Չէօրեքճեանի յամառ ջանքերով կը վերաբացուի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը (որ առժամանակ փակուած էր 1917 թուականի վերջաւորութեան՝ քաղաքական ու ռազմական անբարենպաստ պայմաններու հետեւանքովեւ 1951 թուականին կու տայ առաջին ինն շրջանաւարտները։ Անոնց մէջ էր նաեւ Սարգիս Սարգսեանը՝ ապագայ ՏԵղիշէ ԱւՔհնյՍարգսեանըոր ծնած է 1929 թուականին Վաղարշապատ եւ մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ 2020 թուականըծառայած է Հայ Եկեղեցւոյ։ Եղիշէ Քահանան 1954-1962 թուականներուն եղած է Վազգէն ԱԿաթողիկոսի գաւազանակիրըՄայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատարապա՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանի վարիչաշխատած է նաեւ Մատենադարանի եւ այլ մշակութային ու հոգեւոր կառոյցներու մէջ։

 

1958-1960 թուականներուն եղած է նախ Ատրպէյճանի հայոց թեմի առաջնորդյետոյ՝ ՇիրակիՎրաստանիիսկ ժամանակաւորապէս՝ վեց ամիսով կատարած է նաեւ Մոսկուայի հոգեւոր հովիւի պարտականութիւնները եւ բազում այլ ծառայութիւններ մատուցած է հոգեւոր ոլորտին մէջ։

 

2000-2006 թուականներուն ՏԵղիշէ ԱւՔհնյՍարգսեան պաշտօնավարած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջիբրեւ տեսուչ։

 

«Էջմիածին» ամսագրին մէջ ՏԵղիշէ ԱւՔհնյՍարգսեան յաճախ հրատարակած է յօդուածներգրախօսութիւններյուշերորոնցմէ մին՝ «Յուշեր Գէորգ Զ Չէօրեքճեան Հայրապետին մասին», գրաւեց մեր ուշադրութիւնըեւ արեւմտահայերէնի վերածելովկը ներկայացնենք մեր ընթերցողներունի յիշատակ չորս կաթողիկոս տեսած վաղարշապատցի հոգելոյս քահանայինոր եօթանասուն տարի ծառայեց իր ժողովուրդին եւ երկու տարի առաջ կեանքէն հեռացաւ՝ ստացած հայոց հայրապետներուն օրհնութիւնը եւ իր ժողովուրդին անսահման սէրը։

 

 

ՅՈՒՇԵՐ ԳԷՈՐԳ ԶՉԷՕՐԵՔՃԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԱՍԻՆ

 

ՏԵՂԻՇԷ ԱՒՔՀՆՅՍԱՐԳՍԵԱՆ

 

Գէորգ ԶՀայրապետը Հայոց բազմադարեայ Եկեղեցւոյ լուսաւոր դէմքերէն մէկն էՍտալինեան բռնապետութեան տարիներուն ստանձնելով Հայոց Եկեղեցւոյ ղեկընախ որպէս ազգընտիր տեղապահապա իբրեւ կաթողիկոս՝ իր ամբողջ եռանդը եւ կարողութիւնը ի սպաս դրաւ մեր սուրբ Եկեղեցւոյ պահպանման եւ բարգաւաճման գործինԳէորգ ԶՀայրապետըպետական այրերու քարացած մտածողութեան հակադրելով իր նուրբ դիւանագիտութիւնըկարողացաւ մեղմել համայնավարական հակաազգային եւ հակաեկեղեցական քաղաքական գիծըԻմ սրտի պարտքը կը նկատեմ թուղթին յանձնել երջանկայիշատակ Հայրապետին մասին իմ այս քանի մը յուշը։

 

2009 թուական, «Էջմիածին» հանդէս:

 

***

 

1945-ի նոյեմբերի 1-ն էրշատերուն համար սովորական օր մըբայց կարեւոր օր մը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջԱյդ օրը 28 տարուան դադարէ ետքվերաբացուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը:

 

Նորաբաց ճեմարան ընդունուելու համար դիմած էր 54 հոգիորոնցմէ քննութիւններու արդիւնքով ընտրուած էր 35-ըԱյդ 35 երջանիկներէն էի նաեւ եսՄենք հաւաքուած էինք Մայր Աթոռի նախկին մատենադարանի շէնքին առջեւ ու սրտատրոփ կը սպասէինք բացման պաշտօնական արարողութեանԲոլորիս մօտ նկատելի էր լարումթաքնուած ուրախութիւն եւհարկաւմտահոգութիւն՝ պայմանաւորուած տակաւին անծանօթ միջավայր մուտք գործելու հանգամանքով:

 

Նոր ընդունուածներս զբաղած էինք խօսակցութիւններովերբ միջին տարիքի մարդ մը մօտեցաւ մեզի եւ կարգով մեզ առաջնորդեց նախկին մատենադարանի երկրորդ յարկի գեղեցիկ եւ ընդարձակ սենեակներէն մէկըՔիչ անց գիտցանքոր այդ անձը նախկին ճեմարանցի՝ մասնագիտութեամբ իրաւաբան Արտաշէս Դիլոյեանն էրոր հրաւիրուած էր ճեմարան՝ դասախօսի եւ վերակացուի պաշտօնովՄտնելով շէնք՝ տեղաւորուեցանք մեզի առաջարկուած ուսանողական սեղաններուն առջեւլարուած կը սպասէինք յետագայ իրադարձութիւններուն:

 

Շուտով ազդարարեցին Վեհափառ Հայրապետին գալուստըԳէորգ ԶՀայրապետը ներս մտաւ մի քանի բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Աւետիք Իսահակեանիակադեմիկոս Ստեփանոս ՄալխասեանցիԴերենիկ Դեմիրճեանիբանասէր-ազգագրագէտ Երուանդ Շահազիզի ուղեկցութեամբՎեհափառ Հայրապետը իր խորաթափանց աչքերով վերէն վար զննեց ուսանողներս եւ հայեացքը չհեռացնելով մեզմէ՝ սկսաւ «Հայր մեր»ը:

 

Խորախորհուրդ լռութեան մէջ հատիկ-հատիկ լսելի էր Տէրունական աղօթքի իւրաքանչիւր բառ. «... եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն...», այնուհետեւ «Զգործս ձեռաց մերոց...»ը ըսելէ ետք Վեհափառը սկսաւ ճեմարանի շէնքն ու առաջին ուսանողները օրհնելու արարողութեանԱնոր իմաստուն աչքերէն ուրախութեան արտասուք կը հոսէր «Օրհնեսցի եւ սրբեսցի նորաբաց Հոգեւոր ճեմարանս եւ ուսանողութիւնս», յուզուած եւ քիչ մը քաշուած ձայնով կ՚երգէր Վեհափառը:

 

Օրհնութեան արարողութեան աւարտէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեւոր ճեմարանի վերատեսուչ ՄՄինասեանըԽօսեցան նաեւ Ներսէս ԵպսկԱբրահամեան եւ Ռուբէն ԵպսկԴրամբեանորոնցմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը նստած սկսաւ խօսիլբայց քիչ ետք ոգեւորուեցաւ ու ոտքի ելաւԻ հարկէինծի համար դժուար է տարիներու խորքէն բառացի վերականգնել 77-ամեայ ծերունազարդ իմաստուն Հայրապետին խօսքըԿրնամ ըսել միայնոր ան կը խօսէր մեղմիմաստալիցհատիկ-հատիկ:

 

Այդ կարկառուն անհատականութեան խօսքէն ներկաները յուզուած էինեւ երբեմն մէկը կամ միւսը թաշկինակով կը սրբէր աչքերըՊէտք էր տեսնել սքանչելիայդ չկրկնուող տեսարանը:

 

Երեւակայեցէքմենք կը գտնուէինք հայոց մեծերէն մի քանիին առջեւորոնք կը փորձէին իրենց դիմաց կեցած սաներուն մէջ տեսնել գալիքի հայ եկեղեցականներըԿրնամ ենթադրելոր անոնք կը մտածէինթէ արդէն իրականութիւն է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի բացումըոր պէտք է դառնար դարբնոցը իրենց առջեւ կանգնած ամօթխածաշխարհի չարն ու բարին դեռ չճանչցող պատանիներուսԿը թուէրթէ այս մտածումը շատերուս մօտ կար. «Պիտի կարենա՞նք արդեօք տարիներու ընթացքին դաստիարակուելով ագգային-եկեղեցական գաղափարներով՝ դառնալ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ «մշակները առանց ամօթոյ»:

 

Ամիսներ յետոյերբ սկսանք հասկնալ ու ճանչնալ մեր շրջապատըհպարտ էինքոր ժամանակակիցներն ենք Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ Իդարու մեծ անհատականութեան՝ Գէորգ ԶՀայրապետինոր իրաւամբ մեր Եկեղեցւոյ երկնակամարի ամենալուսաւոր աստղերէն էր:

 

Հպարտ եմոր իմ ճեմարանական սերունդս ինը տարի ապրեցաւսորվեցաւ եւ աշխատեցաւ Գէորգ ԶՀայրապետի հովանիին ներքոյնախ որպէս ուսանողներապա՝ սարկաւագներԱյդ մեծ անհատականութիւնը իր բազմազբաղ առօրեայէն ժամանակ կը գտնէր՝ մեզմով գբաղելուոր երախայրիքն էինք հոգեւոր ճեմարանի:

 

Ան մեզի սորվեցուց բարութիւնազնուութիւնեկեղեցասիրութիւն եւ անսահման հայրենասիրութիւնինչպէս նաեւ իր սկզբունքներէն՝ «երբեք չհեռանալ ճշմարիտ եւ արդար նպատակներէն»:

 

***

 

1952 թուականն էրՍուրբ Գէորգ զօրավարի տօնի նախօրէնԱյդ տօնին էր նաեւ Գէորգ Վեհափառին անուանակոչութիւնըՄայր Աթոռին մէջ հաւաքուած էին բազում հաւատացեալներորոնք եկած էին Հայաստանի զանազան վայրերէ:

 

Այդ օր Վեհափառը մեզի՝ ութ սարկաւագներս կանչեց իր մօտ եւ մանրամասնօրէն խօսեցաւ տօնի խորհուրդին եւ ընդհանրապէս ուխտագնացութեան երեւոյթին մասինբացատրեց անոնց նշանակութիւնը հաւատացեալի հոգեւոր կեանքին մէջ:

 

Գէորգ Հայրապետը հրամայեց մեզ այդ գիշեր արթուն մնալ եւ աչալրջօրէն վերահսկել ուխտաւորներուն բազմութիւնըորպէսզի վէճեր եւ այլ անախորժութիւններ չպատահինՎեհափառին հետ էր նաեւ Աւետիք Իսահակեանըորի դէպամէն տարի Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնին գիշերը կ՚անցընէր Մայր Աթոռի մէջ։

 

Վեհափառը սարկաւագները ազատ արձակեցբայց զիս պահեցԱն պատուիրեցոր այդ երեկոյ ուղեկցիմ Վարպետին՝ Աւետիք Իսահակեանին։ Ես վեհարանէն վերցուցի աթոռ մըորպէսզի կանգառներու ժամանակ Վարպետը նստիեւ երկուքս դուրս ելանքԺողովուրդը ուրախութեան մէջ էրամէնուր կը տիրէր երգ ու պարՈւխտաւորները տեսնելով Վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեանըաւելի կ՚ոգեւորուէինԱհա այդպէս շրջելով ուխտաւորներու խումբին մէջ՝ չնկատեցինքթէ ինչպէս ժամանակը անցաւԵս նայեցայ ժամացոյցիս եւ տեսայոր 12-ը անց է արդէնՎարպետը յոգնած էր եւ առաջարկեց վերադառնալ վեհարանԱյդպէս ալ ըրինք։ Դէպի վեհարան շարժելով զգացինքոր ժողովուրդին ոգեւորութիւնը աստիճանաբար պակսեցաւ։

 

Երբ հասանքիմ սարկաւագ եղբայրները հոն էինՎեհափառը զարմացած հարցուցթէ ինչո՛ւ ընդհատուեցաւ ժողովուրդին երգն ու պարըՊարզուեցաւոր սարկաւագները իրենք առաջարկած էին դադրեցնելորպէսզի Վեհափառը կարենայ հանգստանալ:

 

Հայրապետը նայեցաւ Վարպետին եւ ըսաւ.

 

-Վարպե՛տասոնց նայէ՛հազարամեայ մեր ժողովուրդին այս ուրախ ուխտագնացութիւնը իմ սարկաւագներս կը փորձեն սահմանափակելորպէսզի Վեհափառը հանգիստ քնանայ։

 

Այնուհետեւ Գէորգ Հայրապետը անգամ մը եւս անդրադարձաւ ուխտագնացութեան խորհուրդին եւ ձայնը բարձրացնելով ըսաւ

 

-Պա՜հգիշեր մըն ալ թող Վեհափառը չքնանայ։

 

***

 

1945-1946 ուսումնական տարուան հոկտեմբեր ամիսն էրՍԹարգմանչաց տօնի նախօրէնՄեզի՝ ուսանողներուս արդէն տեղեակ պահած էինոր պէտք է ուխտագնացութիւն կատարենք դէպի Օշական՝ ՍՄեսրոպի գերեզման:

 

Յաջորդ օրը առտու կանուխ բոլոր ուսանողներս անհրաժեշտ իրերը ինքնաշարժին մէջ տեղափոխելէ ետք կազմ ու պատրաստ հաւաքուած էինք ինքնաշարժին քովորպէսզի նստինքսակայն մեզի ըսինոր ուխտագնացութեան ոչ թէ ինքնաշարժով պիտի երթանքայլ ոտքովՈւսանողներուս մէջ ընդվզման ալիք մը բարձրացաւթէ ինչպէ՛ս կարելի է այդ ահագին ճամբան ոտքով երթալՄեր դժգոհութեան մասին տեղեակ պահեցին Գէորգ Հայրապետին:

 

Վեհափառը մեզի մօտեցաւ եւ փոքրիկ նախաբանէ ետք ըսաւոր իրեն տեղեակ պահած ենոր ուսանողները չեն ուզեր ոտքով երթալՎեհափառը իր խօսքին մէջ շեշտեց ՍՄեսրոպինՍՍահակին եւ մեր միւս թարգմանիչ վարդապետներուն մեծ դերը մեր ազգային դիմագիծը պահպանելու գործին մէջ։ Անանդրադառնալով մեզինշեցոր հինէն ի վեր հայ իրականութեան մէջ ուխտագնացութիւնները կատարուած են միայն ոտքովեւ իրենց ուսանողութեան տարիներուն ալ աւանդութիւն եղած է միայն ոտքով երթալ այցի ՍՄեսրոպի գերեզմանին:

 

Մենք ոգեւորուեցանք Գէորգ Վեհափառին խօսքէն եւ անտրտունջ ճանապարհ ինկանք դէպի Օշական:

 

Օշականի մէջ Գէորգ Հայրապետի նախագահութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագորուն ընթացքին ան անգամ մը եւս խօսեցաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին մասինՊատարագի աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ ցերեկոյթ մըորուն ընթացքին զեկուցումներ կարդացին դասախօս մը եւ ուսանողներէն մի քանինՑերեկոյթի աւարտին Գէորգ Հայրապետը անգամ մը եւս անդրադարձաւ տօնի խորհուրդին՝ ընդգծելով թարգմանիչ վարդապետներու անգնահատելի ազգապահպան դերը:

 

***

 

1948 թուականն էրՃեմարանցիներս պիտի տանէին Սեւանայ լիճՄեր ուրախութիւնը չափ ու սահման չունէրորովհետեւ շատերս առաջին անգամ պիտի տեսնէինք հայոց կապոյտ հրաշքըՀոն պիտի ըլլար նաեւ Գէորգ ԶՀայրապետըոր մեզմէ առաջ մեկնած էրՀասնելով Սեւան՝ Հայոց Հայրապետը գտանք Գեղամայ կապուտակ գեղեցկուհիին ափին կեցած՝ խոհուն հայեացքը մխրճած ջրային հանդարտ տարածութեան խորխորատները:

 

Սեւանի ափին քիչ մը զբօսնելէ եւ մեր համեստ նախաճաշը ընելէ ետքնաւակով այցելեցինք Սեւանայ կղզիԳէորգ Հայրապետը մեծ ոգեւորութեամբ ուսանողներուս պատմեց բազմադարեայ մենաստանի հին եւ նոր պատմութիւնըայնուհետեւ մեր աղօթքը բարձրացուցինք առ Աստ-ւած:

 

Կղզիէն վերադառնալէ ետքԳէորգ Հայրապետի գլխաւորութեամբայցելեցինք Սեւանի Ջրային ելեկտրական կայանըոր այդ ժամանակաշրջանի Խորհրդային Հայաստանի հպարտութիւնն էրՄեզ կ՚առաջնորդէր Սեւանի այդ ջրակայանի տնօրէնըԱնոր հետ վերելակով իջանք վարմեր առջեւ բացուեցաւ լայն սրահ մըուր տեղաւորուած էին ելեկտրակայանը աշխատցնող սարքերըՍեւանի կայանի տնօրէնը հպարտօրէն եւ բարձրագոչ ձեւերով Նորին Սրբութեան եւ մեզի գիտական բացատրութիւններ տալով՝ առաջնորդեց թիւնելին միւս հատուածըուր հսկայ անցք մը բացուած էր՝ Սեւանի ջուրը կայանին համար օգտագործելու նպատակովՔանի մը վայրկեան հմայուած ակնդէտ կը նայէինք բացուած անցքէն անասելի արագութեամբ դուրս յորդող ջուրինսակայն առաջին տպաւորութիւնը անցնելէ ետք Հայրապետին դէմքին տեսանք դժգոհութեան եւ մտահոգութեան ստուեր մըՀայրապետը չկրցաւ զսպել իր զայրոյթը եւ յանկարծ պոռթկաց.

 

-Սեւանը ցամքեցնելու լաւագոյն միջոցը գտա՛ծ էք:

 

Անկէ ետք անյապաղ պահանջեց վեր բարձրանալԱպա մեզ հաւաքեց իր շուրջը եւ մանրամասնօրէն բացատրեց իր զայրոյթին պատճառները:

 

Տասնեակ տարիներ անց ես իմացայոր այդ իրադարձութենէն անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետը նամակ մը գրած էր Մոսկուա՝ կառավարութեան համապատասխան անձերու ուշադրութիւնը հրաւիրելու այդ ազգավնաս երեւոյթինՀայրապետը նամակին մէջ մասնաւորապէս նշած էրոր Սեւանայ լիճին ցամքեցումը կը յանգեցնէ Արարատեան դաշտավայրին եւ շրջակայ տարածքներուն անապատացման:

 

Երբ թուղթին կը յանձնեմ այս տողերըկարծես տարիներու խորքէն ինծի կը նային երջանկայիշատակ Վեհափառին իմաստուն եւ խոհուն աչքերը՝ միշտ լի իր ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ խանդավառ սիրով եւ մշտարթուն հոգածութեամբ։

 

Անուշ Թրուանց