image

Նման դէպքերը քննելու իրաւասութիւնը կը պատկանի հայկական իշխանութիւններուն. Եւրոյանձնաժողովը՝ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Միքայէլ Սրբազանի մասին

Նման դէպքերը քննելու իրաւասութիւնը կը պատկանի հայկական իշխանութիւններուն. Եւրոյանձնաժողովը՝ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Միքայէլ Սրբազանի մասին

Այսօր ստացած եմ քաղաքական բանտարկեալներու՝ Սամուէլ Կարապետեանի եւ Միքայէլ Սրբազանի քաղաքական հետապնդման վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայընին ուղղուած նամակիս պատասխանը։ Այս մասին գրած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեան։

«Ստորեւ ներկայացնում եմ պատասխան նամակի բովանդակութիւնը.

Պրիւքսել, 12 սեպտեմբեր 2025.

eeas.pol.eurca.east.2(2025) 6113731-10081410

պ-ն Էտմոն Մարուքեանին
Լուսաւոր Հայաստան կուսակցութեան նախագահ

Յարգելի պարոն Մարուքեան,

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եւրայանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տեր Լայընին ուղղուած յուլիս 14-ի Ձեր նամակի համար, ուր Դուք մտահոգութիւն կը յայտնէք պարոն Սամուէլ Կարապետեանի եւ արքեպիսկոպոս Միքայէլ Աջապահեանի ձերբակալութիւններու վերաբերեալ։

ԵՄ-ն ուշադրութեամբ կը հետեւի այս զարգացումներուն։ Այդուհանդերձ, նման դէպքերը քննելու իրաւասութիւնը կը պատկանի հայկական իշխանութիւններուն, իսկ անոնց ընթացք տալը՝ ներքին պետական դատական համակարգին։ Ելլելով ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան հիմքի հիմնարար սկզբունքներէն՝ մենք կ'ակնկալենք, որ հայկական արդարադատութեան եւ իրաւապահ մարմինները, իրականացնելով այս հետաքննութիւնները, գործեն անկախ, արդար եւ հաշուետու, ինչպէս նաեւ պահպանեն ժողովրդավարական սկզբունքները եւ հիմնարար իրաւունքները, ներառեալ՝ պատշաճ իրաւական գործընթացը։

Կրնամ վստահեցնել Ձեզի, որ այս սկզբունքներուն նկատմամբ յարգանքը ԵՄ-ի եւ հայկական իշխանութիւններուն միջեւ կանոնաւոր երկխօսութեան հիմնական տարրերէն է։

Յարգանքով

Տերըն Տերիա
Բաժնի ղեկավար

Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութիւն> ԱԳԵԾ-ի գլխաւոր քարտուղարութիւն> Քաղաքական հարցերով գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի ծառայութիւն> Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիա> Արեւելեան Եւրոպա եւ Կեդրոնական Ասիա> Մոլտովա, Պելառուսիա, Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան (POL.EURCA.EAST.2)»։