image
Հրատապ լուրեր:

«Նկրտումները մղձաւանջի պիտի վերածենք» Իրանցի գործիչ

«Նկրտումները մղձաւանջի պիտի վերածենք» Իրանցի գործիչ

Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի ղեկավար Վահիտ Ճալալզատէ յայտարարեց, թէ Իրան «տարածաշրջանի սահմանները փոխելու երազանքը մղձաւանջի պիտի վերածէ», կը հաղորդէ «Փարսթուտէյ» կայքը:

Ճալալզատէ պատկերասփիւռային զրոյցի մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ՝ ըսաւ. «Իսլամական խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան յանձնախումբը կ՛ուսումնասիրէ վերջին զարգացումները»:

Ան յայտարարեց, որ Թեհրան Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Թիւրքմենիստանի եւ խորհրդային այլ հանրապետութիւններու կողքին եղած է՝ անոնց անկախութեան առաջին իսկ օրերէն եւ տարբեր տեսակի օգնութիւններ ցուցաբերած է այդ երկիրներու կառավարութիւններուն: «Իրան պիտի կանխարգիլէ տարածաշրջանի սահմաններու փոփոխութիւնը» աւելցուց Ճալալզատէ:

Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները նախապէս եւս զգուշացուցած են շրջանի սահմաններու փոփոխութեան հետեւանքներէն եւ Իրանի կարծր արձագանգէն` նշելով, որ այդ Թեհրանի կարմիր գիծն է: