image

Նիւ Եորքի մէջ.  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունած է Կաթողիկէ  Եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկը (Լուսանկարներ)

Նիւ Եորքի մէջ.  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունած է Կաթողիկէ  Եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկը (Լուսանկարներ)

Օրերս հովուապետական այցով Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմ (Կիլիկեան) գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունած է կաթոլիկ եղեցեւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկի այցելութիւնը: 

Վեհափառ Հայրապետը ողջունած է եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, ընդունեց կաթոլիկ եղեցեւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկի այցելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կազմակերպած ձեռնարկներուն: Ապա, Հայրապետը անդրադարձ կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Վատիկանի յարաբերութեան: Նորին Սրբութիւնը յիշելով շուրջ երկու ամիս առաջ Վատիկան կատարած այցելութիւնը եւ ունեցած հանդիպումները Ֆրանսիս Պապին եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ՝ շեշտեց, թէ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ ինք յատուկ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ, հետեւաբար, սպասելի է, որ այդ յարաբերութիւնը իր արտայայտութիւնը գտնէ տեղական մակարդակի վրայ: Եպիսկոպոս Հենինկ, որ շուտով պիտի նշանակուի Պոսթընի արքեպիսկոպոս եւ հաւանաբար, մօտ ապագային, քարիտնալի աստիճան ստանայ, գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ եկեղեցւոյ մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ ազգային առաջնորդարանին հետ սերտ կապեր կը մշակէ: