«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ օրերս տեղի ունեցած «Գիրք նուիրելու օր»ուան առթիւ ներկայացուած է նաեւ մեր հայրենակից, արմատներով՝ Մուսալեռցի մտաւորական Վահան Զանոյեանի նոր հատորը։
Գինեգործութեան նուիրուած եւ «Անապակ Առեղծուած» խորագրուած հատորը իւրայատուկ է իր թեմայով, գինին, որպէս քաղաքակրթական շունչ պարունակող խմիչք մը ներկայացնելու ճիգով ու յատկապէս լոյս սփռելով հայ ժողովուրդին ձեռամբ ոգելից ըմպելիքներ ու մասնաւորապէս գինի պատրաստելու դարաւոր մշակոյթին վրայ։
Նշենք նաեւ, որ գիրքի մասին եղած է բանախօսներու յատուկ հարթակ, ուր հեղինակ ՝ Վահան Զանոյեանի կողքին ելոյթ ունեցած են գիրքի պատրաստման գործին հետ կապ ունեցող անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ գինին, որպէս զբօսաշրջային կարեւոր գործօն եւ այցեքարտ համարող մասնագէտներ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Զանոյեան հեղինակ է տասնեակ հատորներու, եւ ան իր նիւթերով հանրութեան կը ներկայացնէ ազգային, մշակութային ինչպէս նաեւ ընկերային կարեւոր խնդիրներ։