image

Նայա Հաննա «Կոյր փամփուշտ»ի զոհ 7-ամեայ հրեշտակը

 Նայա Հաննա «Կոյր փամփուշտ»ի զոհ 7-ամեայ հրեշտակը

 Առաջին անգամը չէ, որ «Կոյր փամփուշտ»ը համատարած սուգի մթնոլորտ մը կը ստեղծէ Լիբանանի մէջ։

Հերթական պատահարը այս անգամ գրանցուած է «Ալ Հատաս» շրջանին մէջ, երբ 7-ամեայ Լիա Հաննա շաբաթ դիմադրելէ ետք կը գտնէր իր յաւիտենական հանգիստը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ, որոնք հաղորդեցին, որ Լէա ծանրօրէն վիրաւորուած էր ճիշդ  3 շաբաթ առաջ, երբ Լէայի բնակած շրջանի հարեւանները կրակոցներով «կը տօնէին» իրենց զաւակներուն աւարտական քննութեանց յաջողութիւնները։ 

«Կոյր փամփուշտ»ի երեւոյթը եւ անոր պատճառած ցաւն ու սուգը կրնան շարունակուիլ այնքան ժամանակ, որ լիբանանցիք չեն հասկցած, որ ցանկացած առիթի համար օդը կրակելը կրնայ նոր կորուստներու պատճառ հանդիսանալ։

 

 

 Լիբանանը ունի բազում խնդիրներ, բայց եւ այնպէս ապօրինի զէնքի, անվտանգութեան եւ անապահովութեան հիմնահարցերը կը շարունակեն մնալ գերկշռող։