ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է Քերոլայն Լեւիթը Սպիտակ տան մամուլի քարտուղարի պաշտօնին նշանակելու մասին, ըսուած է Հանրապետականի անցումային խումբի յայտարարութեան մէջ։
Լեւիթը նախապէս զբաղցուցած է Թրամփի նախընտրական շտաբի խօսնակի պաշտօնը եւ աշխատած անոր նախկին վարչակազմին մէջ՝ որպէս մամուլի քարտուղարի օգնական։
27-ամեայ Լեւիթը պիտի դառնայ Սպիտակ տան ամենաերիտասարդ մամուլի քարտուղարը՝ գերազանցելով Ռոն Զիկլըրի մրցանիշը, որ նախագահ Ռիչարտ Նիքսընի օրօք այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է 29 տարեկանին։
Լեւիթը Նիւ Հեմփշիրէն է: Ան նախապէս նաեւ եղած է քոնկրեսական Էլիզ Սթեֆանիքի հաղորդակցութեան հարցերով տնօրէնը, որուն Թրամփը նոր վարչակազմին մէջ առաջադրած է որպէս ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ: