Օրերս ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած է Երեւանի բժշկական կեդրոններէն մէկուն մէջ:
Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Շենգաւիթի բաժինը տեղեկութիւններ ստացած են, որ Երեւանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ ծննդկան մահացած է:
Հիւանդանոց մեկնած է ոստիկակնութեան Շենգաւիթի բաժնի հերթպահ խումբը՝ օրուան պատասխանատու հերթապահի գլխաւորութեամբ:
Ահազանգով ժամանած են նաեւ ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Շենգաւիթի քննչական բաժնի խումբը՝ օրուան պատասխանատու հերթապահ քննիչի գլխաւորութեամբ:
Ոստիկաններն ու քննիչները պարզած են, որ մահացածը Արմաւիրի մարզի բնակիչ 47-ամեայ Հայարփի Ս.-ն է, որ յղիութեան ընթացքին 1 ամիս ժամկէտով գտնուած է այդ հիւանդանոցը՝ բժիշկներու հսկողութեան տակ, եւ այդ օրը առաւօտեան, դեռ անյայտ հանգամանքներով, յանկարծամահ եղած է:
Դեպքի փաստով Շենգաւիթի քննչական բաժինէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: Քննիչի որոշմամբ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն: