Իսրայէլը կրցաւ վնաս հասցնել Իրանի պաշտպանական ներուժին եւ հրթիռային արտադրութեան։ Հարուածը հզօր էր եւ հասաւ բոլոր նպատակներուն: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն։
«Մենք հզօր հարուած հասցուցած ենք Իրանի պաշտպանական կարողութիւններուն եւ մեր դէմ ուղղուած հրթիռներ արտադրելու կարողութեան:
Այս պատերազմը կը մղուի եօթ ճակատով Իրանի գլխաւորած չարիքի առանցքի դէմ։ Ինչպէս որեւէ պատերազմի ժամանակ, մենք բոլորին, որոնք կ՚ուզեն խլել մեր կեանքը, կը ստիպենք շատ թանկ գին վճարել»,-ըսած է ան։