image

Նապլոսի մէջ. Իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են պաղեստինցիի մը ուղղութեամբ

Նապլոսի մէջ. Իսրայէլեան ուժեր կրակ բացած են պաղեստինցիի մը ուղղութեամբ

Երեքշաբթի առաւօտեան Նապլոսէն հարաւ գտնուող Հըուարա անցակէտին էջ իսրայէլեան կրակոցէն վիրաւորուած է Պաղեստինի քաղաքացի մը, դանակահարութիւն իրականացնելու փորձի ամբաստանութեամբ:

Կրակոցներէն յետոյ իսրայէլեան ուժերը փակած են Նապլոսէն հարաւ գտնուող Հըուարա անցակէտը եւ անոր արեւելքը գտնուող Պէյթ Ֆորիք անցակէտը, ինչպէս նաեւ Ռամալլահի եւ Նապլոսի միջեւ ինկած գլխաւոր ճանապարհը:

Պաղեստինեան Կարմիր մահիկը յայտնած է, որ իր շտապօգնութիւնը դէպքի վայր ժամանած եւ վիրաւորները տեղափոխած է հիւանդանոցներ: