image

Նախկին նախագահը կտրականապէս մերժած է Փայլանի առաջարկը

Նախկին նախագահը կտրականապէս մերժած է Փայլանի առաջարկը

Համահայկական գագաթաժողովին մասնակցութեան նպատակով Հայաստան ժամանած Թուրքիոյ խորհրդարանի միակ հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան, ինչպէս յայտնի է, տարբեր հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի նախկին եւ ներկայ ղեկավարներու հետ:

Aravot.am-ին որոշ մանրամասներ յայտնի դարձած են Կարօ Փայլանի եւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումէն: Մասնաւորաբար, Կարօ Փայլան փորձած է առաջ մղել ազգային միասնութեան թեզը՝ շեշտը դնելով՝ «Նիկոլ Փաշինեանին օգնենք» տարբերակի վրայ: Սերժ Սարգսեանը կտրուկ հակադարձած է Կարօ Փայլանին՝ ըսելով՝ «ինչո՞ւմ օգնենք, դաւաճանութեան մէ՞ջ»:

Սերժ Սարգսեանը նաեւ ըսած է, որ քանի դեռ Նիկոլ Փաշինեանն է ՀՀ վարչապետը՝ Հայաստանի եւ Արցախի «գործերը վատանալու են», հայկական երկու պետութիւններու առջեւ որեւէ հեռանկար պիտի չբացուի, ուստի, համախմբուիլ մարդու մը շուրջ՝ ուրու պատճառով ստեղծուած է այս իրավիճակը, որմէ ելքերը կը դառնան օրհասական, պարզապէս բացառուած է:

Թրքական խորհրդարանի պատգամաւորի նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսյան-Կարօ Փայլան զրոյցի մեծ մասն ալ նուիրուած եղած է «խաղաղութեան համաձայնագրին»:

Սերժ Սարգսեան յստակեցուցած է իր մօտեցումները նաեւ այս հարցի շուրջ՝ ըսելով, որ համաշխարհային պատմութեան մէջ յայտնի չէ դէպք, երբ խաղաղութիւն կնքեն խաղաղութիւն խնդրողի հետ. այդ պարագային կը կնքուի կապիտուլիացիա (անձնատւութիւն). «Խաղաղութիւն կնքում են ուժեղի հետ, հետեւաբար, խաղաղութեան այս թեզերը կեղծ են եւ որեւէ իրական քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական հիմքեր չունեն»: