image
Հրատապ լուրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի դասախօսութիւնը Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի դասախօսութիւնը Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ

Վատիկան այցի շրջածիրէն ներս, օրերս, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուած է Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ:

Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ:

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարածած հաղորդագրութիւնէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Երեքշաբթի, 11 Յունիս 2024-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին մէջ:

Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Կրեկորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ:

Նորին Սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ ետք, թէ պատմութեան ընթացքին կրօնի դերը հոլովոյթի ենթարկուած է աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ, ընդգծեց միաստուածեան կրօններու (հրէութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) ունեցած կեդրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի՝ քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրէն ներս կրօնի ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ՝ իր դրական ու բացասական երեսներով ու հետեւանքներով: Այս շրջագծէն ներս Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

Ա.- Հաւատք եւ բանականութիւն: Միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին հաւատքի ու բանականութեան փոխ-յարաբերութեանց գծով: Որքանո՛վ բանականութիւնը կը հակակշռէ հաւատքի հասկացողութեան ու արտայայտութեան վրայ. որքանո՛վ հաւատքը նկատի կ'առնէ բանականութեան մօտեցումները. ինչպէ՛ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել այս երկուքին միջեւ՝ հեռու մնալով մէկուն կամ միւսին բացարձակ գերակայութենէն:

Բ.- Ի՞նչ է կրօնին եւ քաղաքականութեան իւրայատուկ յարաբերութիւնը: Ճիշդ չէ կրօնը նոյնացնել քաղաքականութեան հետ, միաժամանակ կարելի չէ կրօնը քաղաքականութենէն հեռու պահելը: Դարձեալ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել անոնց յարաբերութեան մէջ, մէկ կողմէն՝ առանց քաղաքականացնելու կրօնը, եւ միւս կողմէն՝ առանց կրօնական բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տալու քաղաքականութեան:

Գ.- Կրօնը թէ՛ միացուցիչ եւ թէ՛ բաժանարար ազդակ է: Այսպէս կը վկայէ պատմութիւնը եւ ներկայ իրականութիւնը: Իր բնոյթով ու նպատակով կրօնին դերը միշտ կը մնայ միացնող եւ հաշտեցնող, այլ խօսքով՝ կամուրջի դեր ունի կրօնը: Սակայն կրօնը նաեւ օգտագործուած է քաղաքական նպատակներու, եւ հետեւաբար պատճառ դարձած է յաճախ բաժանումներու ու պատերազմներու:

Վերոյիշեալ երեք երեւոյթներու մասին անդրադառնալէ ետք, Վեհափառ Հայրապետը յիշեց հետեւեալ կէտերը, որոնք պէտք է կազմեն կրօնին իւրայատուկ դերը ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս.-

ա.- Փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում: Կարելի չէ մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել, երբ կը պակսի փոխադարձ վստահութիւնը: Որքան ալ քաղաքական ծիրէն ներս խաղաղութեան դաշնագիրներ ստորագրուին, երբ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը կը պակսի, խաղաղութիւնը միշտ կը մնայ փխրուն ու ժամանակաւոր:

բ.- Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Որքան ալ խաղաղութեան պայմանները ըլլան փոխադարձաբար ընդունելի, արդարութիւնը պէտք է կազմէ հիմքը մնայուն խաղաղութեան:

գ.- Կրօնի դերը կենսական է ընկերութեան կեանքէն ներս, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Ընկերութիւնը կառուցուած պէտք է ըլլայ կառավարման այնպիսի կառոյցներով ու սկզբունքներով, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը դառնան մղիչ ուժերը ընկերութեան կեանքին:

դ.- Պայքար՝ արմատական շարժումներու դէմ: Ներկայ ժամանակներուն քաղաքական ու գաղափարախօսական նպատակներէ մեկնած՝ արմատական շարժումներ յաճախ կը յառաջանան ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Կրօնը զգոյշ պէտք է ըլլայ նման շարժումներուն կողմէ շահագործուելէ եւ պէտք է դառնայ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու պահապանը:

ե.- Տագնապներու կանխազգուշացման մէջ առանցքային է դերը կրօնին: Տագնապներ լուծելը շատ աւելի դժուար է, քան զանոնք կանխարգիլելը: Կրօնը կոչուած է որպէս բարոյական հեղինակութիւն կարեւոր նպաստ բերելու հարցերու լուծման եւ կողմերու միջեւ հասարակաց յայտարարներ որոնելու ուղղութեամբ:

Յիշեալ կէտերուն անդրադառնալով, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին իւրայատուկ դերը: Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին պարզած ներկայ փոթորկալից կացութեան, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ իր ունեցած գործօն ներկայութեամբ եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման՝ պատմական տուեալներէն ու արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրուած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:

Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութենէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին հալասարանի տնօրէնը, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Քարտինալ Քոխը։ Անոնք անդրադառնալէ ետք Հայրապետին կենսագրական գիծերուն՝ շեշտեցին, թէ ան միջազգային դէմք է՝ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական աշխարհէն ներս իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ միջազգային համագումարներու մասնակցութեամբ։

Դասախօսութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը, այլ առաքելութեամբ մը Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանը, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ: