Մոսկուան չի դադրեցներ պատերազմը, Եւրամիութիւնը նոր պատժամիջոց կը սահմանէ Ռուսաստանին համար։
Այս մասին յայտնած է BFM TV–ն` յղում ընելով Էլիզէ պալատի իր աղբիւրին։
«ԵՄ-ի երկիրները կը պատրաստուին նոր հակառուսական պատժամիջոցներ սահմանել, որոնց մասին պիտի յայտարարուի առաջիկայ ժամերուն»,–այս մասին յայտնած է Էլիզէ պալատի աղբիւրը՝ Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի, Գերմանիոյ վարչապետ՝ Օլաֆ Շոլցի եւ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցներէն ետք:
Անոր խօսքով՝ «Մոսկուան չցուցաբերեց պատերազմը դադրեցնելու ցանկութիւն․«Առաջիկայ ժամերուն մենք նոր պատժամիջոցներ կը ձեռնարկենք»։
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ՌԴ-ի, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներ՝ Վլատիմիր Փութին, Էմանուէլ Մաքրոն եւ Օլաֆ Շոլց Մարտ 12-ին, հեռախօսազրոյցով քննարկած էին Ուքրանիոյ վերաբերեալ ռուսական պահանջներու իրականացման համար մշակուող համաձայնագիրներու հետ կապուած հարցեր։