Մոսկուան պիտի շարունակէ շփումները Երեւանի հետ եւ պիտի պարզաբանէ իրավիճակը ՀԱՊԿ-ին անոր անդամակցութեան վերաբերեալ. այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը:
«Անշուշտ, լսեր ենք Փաշինեանի յայտարարութիւնները (Հայաստանի՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հնարաւորութեան մասին): Ակնյայտ է, որ շատ աշխատանք կայ տանելու մեր հայ գործընկերներու հետ ե՛ւ ՀԱԿՊ-ի, ե՛ւ երկկողմ յարաբերութիւններու շրջածիրէն ներս: Մենք պիտի պարզաբանենք եւ պիտի խօսինք վարչապետի ըրած յայտարարութիւններուն շուրջ», -ըսած է Փեսքովը:
Յիշեցնենք, որ երէկուան ասուլիսին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ըսած էր, որ եթէ ՀԱՊԿ-ի պատասխանը չհամապատասխանէ մեր պատկերացումներուն, մենք դուրս պիտի գանք ՀԱՊԿ-էն: