image

Մոսկուան կ՚ափսոսայ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան համար

Մոսկուան կ՚ափսոսայ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան համար

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը յայտնած է, որ Հայաստանի մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին ռուսական կողմի մօտ ծայրայեղ ափսոսանք առաջացուցած է: Անոր խօսքով՝ Երեւանը հեռացած է խնդիրներու քննարկման կառուցողական մօտեցումէն։

«Խօսելով անվտանգութեան ոլորտի մասին՝ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ Հայաստանը կը շարունակէ մնալ ՀԱՊԿ անդամ, հանդէս կու գայ որպէս ռազմական եւ ռազմատեխնիկական ոլորտներու մէջ երկկողմ բազմաթիւ պայմանաւորուածութիւններու մասնակից... Երեւանի ունեցած մտահոգութիւնները քննարկելու կառուցողական մօտեցման փոխարէն, ցաւօք, այնտեղ այլ ճանապարհ ընտրած են»,-ըսած է Միխայիլ Կալուզինը։

Արտաքին գործոց փոխնախարարը աւելցուցած է, որ Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն մեծցնել փոխգործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի կամ դաշինքի առանձին մասնակիցներու հետ: 

«Հայաստանը կը գերադասէ մեծցնել փոխգործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի կամ դաշինքի առանձին անդամներու հետ, յատկապէս ՆԱԹՕ-ի չափանիշերու ներդրման, զէնքի գնման կամ համատեղ մարտական ​​պատրաստութեան աշխատանքներ իրականացնելու առումով, դեռ չեմ խօսիր այս օրերուն Ուաշինկթընի մէջ կայանալիք այդ ռազմաքաղաքական դաշինքի գագաթնաժողովին մասնակցելու մասին»,-ըսած է ան։

Կալուզինը այդ որակած է «միաժամանակ երկու աթոռին նստելու» փորձ։ Միխայիլ Կալուզինի խօսքով՝ Հայաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի համագործակցութեան խորացումը կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ: