image

Մոնթրէալի մէջ. Զօհրապ Սմեմերճեանի մահը

 Մոնթրէալի մէջ.   Զօհրապ Սմեմերճեանի մահը

 Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս  Դամասկոսի մէջ  երկար տարիներ հովուական ծառայութիւն մատուցած եւ պատերազմին պատճառով Գանատա հաստատուած Զօհրապ Սեմերճեանի մահուան բօթը ստացանք։ 

Կը նշուի, որ հանգուցեալը կարեւոր եւ նուիրական առաքելութիւն կը տանէր, ոչ միայն Դամասկոսի  Հայ Աւետարանական  եկեղեցիէն, այլ նաեւ Հայ Եղբայրակցութեան շրջանակներուն մէջ։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան  կողմէ այս տխուր առթիւ հրապարակուած մահագրականը։

 

 Ցաւով իմացանք Զօհրապ Սեմերճեանի մահուան գոյժը, 6 Դեկտ. 2022-ին, Մոնրէալ, Գանատա։ Զօհրապ եղբայր հաւատարիմ ծառայ մըն էր Տէրոջը դաշտին մէջ, եւ իր առօրեայ գործի կողքին՝ տարիներով ծառայեց որպէս քարոզիչ, յատկապէս Դամասկոսի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ մէջ։ ՄԱՀԱԵՄի կողմէն Աստուծոյ մխիթարութեան կը յանձնենք իր այրին՝ Տիկ. Շաքէ (Թովմասեան) Սեմերճեան, եւ անոնց զաւակները, թոռները եւ հարազատները։ «Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ՚ըլլայ»։ (Առաք 10.17)