image

Մոնրէալի մէջ. Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ստորագրութեամբ՝ 3 հատորներ

Մոնրէալի մէջ. Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի ստորագրութեամբ՝ 3 հատորներ

Վեր­ջերս, Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է Լի­բա­նա­նա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն բժիշկ Կար­պիս Հար­պո­յեանի յուշագրական` «Յիշատակարան բժիշկի կեանքէս», «Համով-հոտով եւ լեղի յուշեր» եւ «Բժշկական ծառայութեան դաշտէն անդին» մեծածաւալ պատկերազարդ հատորները:

Ինչպէս նշած է հեղինակը, այս հատորներուն մէջ ներկայացուած է Հարպոյեանի անձնական ապրումները` հաւաքականութեան եւ շրջապատի հետ շփումներու եւ փորձառութիւններու պրիսմակէն անցած:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ բժիշկ Հարպոյեանի այս առթիւ գրած յօդուածէն, որ լոյս տեսած է Գանատայի «Հորիզոն»-ի մէջ, եւ որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Մոնրէալի մէջ լոյս տեսան 2023-ի վերջաւորութեան յուշագրական` «Յիշատակարան բժիշկի կեանքէս», «Համով-հոտով եւ լեղի յուշեր» եւ «Բժշկական ծառայութեան դաշտէն անդին» մեծածաւալ պատկերազարդ հատորներս:

Այս յուշագրական հատորները պատրաստուեցան պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով պարտադրուած` երկու տարուան տնակեցութեան օրերուն: Այս աշխատանքը իրականացաւ շնորհիւ Սարգիս Մահսէրէճեանի տարիներու շարունակական յորդորին. «Տոքթո՛ր Կարպիս, յուշերդ գրելու ես, խօսքս մտիկ ըրէ՛»: Հետեւաբար ան եղաւ խթանը, որ տնակեցութեան շրջանին նստէի եւ գրէի յուշերս: Շնորհակալութիւ՛ն, վաղեմի բարեկամս Սարգիս Մահսէրէճեան:

Այս երեք հատորներուն 174 գրութիւններու պատրաստութիւնը դիւրին չեղաւ: Ամիսներ շարունակ տնակեցութեան բարիքէն օգտուելով` օրն ի բուն նստայ եւ յետադարձ ակնարկ մը նետեցի անցեալ 80 տարիներուս վրայ: Մէկ առ մէկ վերյիշեցի հեռաւոր եւ մօտաւոր անցեալիս բոլոր այն հետաքրքրական  դրուագները եւ պատահարները, որոնք կարծէք թէ անթեղուած մնացած էին ենթագիտակցութեանս մէջ: Վերյիշեցի յետին մանրամասնութիւններ եւ թուղթին յանձնեցի բոլորը: Այս բոլոր յուշերը թուղթին յանձնելէ ետք  փափաքեցայ նաեւ ընթերցողին հրամցնել անոնցմէ մաս մը, որոնք պիտի փոխանցեն որոշ ապրումներ: Կրնամ ըսել, որ կեանքիս լաւագոյն օրերէն եղան յուշերով հարստացնող այդ օրերը:

Այս աշխատանքս գրականութիւն չէ: Անիկա պարզապէս յուշագրութիւն է, որ կը ներկայացնէ իմ անձնական ապրումներս` հաւաքականութեան եւ շրջապատիս հետ շփումներուս եւ փորձառութիւններուս պրիսմակէն անցած:

«Յիշատակարան բժիշկի կեանքէս» հատորը  կը բաղկանայ 44 գրութիւններէ, որոնք կ՛առնչուին ասպարէզիս եւ ընդհանուր բժշկութեան հետ: Բոլորն ալ իրական կեանքէ առնուած յուշ-պատմութիւններ են, որոնց մեծ մասը պատահած են բժշկական ծառայութեանս տարիներուն, մէկ քանին` աշխատանքէ դադրելէս ետք:

Հատորը ձօնած եմ բոլոր այն հիւանդներուն, որոնք անցեալին ապաւինեցան իմ բժշկական խնամքիս:

«Համով-հոտով եւ լեղի յուշեր» հատորը կազմուած է 80 գրութիւններէ, որոնք կը ներկայացնեն կեանքիս` մանկութենէս մինչեւ այս օրերու հոլովոյթը, այսինքն` զանազան փուլերու իրադարձութիւններն ու պատահարները: Անոնք կ՛ընդգրկեն անձնական, ընտանեկան, ընկերական, բարեկամական, ազգային եւ հանրային իրադարձութիւններ եւ պատահարներ, ինչպէս նաեւ` կարգ մը կազմակերպութիւններու ուղղուած սրտի խօսքեր ու քանի մը արուեստագէտներու ներկայացում:

Այս հատորին մէջ  կան իրա՛ւ համով-հոտով յուշեր, երբեմն ալ` լեղի յուշեր: Այս բոլորը կը ներկայացնեն իմ թանկագին  յիշատակներս, կը ներկայացնեն անցեալ մը, ապրումներ եւ շա՜տ ու շա՛տ բաներ:

Այս  հատորը ձօնած եմ բոլոր ընկերներուս, բարեկամներուս եւ հարազատներուս, որոնք մասնակից եղած են կեանքիս համով-հոտով եւ լեղի իրադարձութիւններուն:

«Բժշկական ծառայութեան դաշտէն անդին» աշխատասիրութիւնը կազմուած է 54 կարճ եւ երկար-ծաւալուն  գրութիւններէ: Այս 54 գրութիւնները կը ներկայացնեն` իմ տուած շարք մը դասախօսութիւններս, մահագրութիւններս, լրատուական յօդուածներս, որոշ տարեդարձներու առթիւ գրուած սրտի եւ ողջոյնի խօսքեր, յիշատակի օրերու գրութիւններ, ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսներու պատգամներ, բարոյական եւ ազգային մտահոգութիւններէ բխած էջեր եւ յօդուածներ եւ այլն, եւ այլն:

Այս երրորդ հատորին մէջ տեղադրուած գրութիւնները ոչ մէկ ձեւով առնչուած են իմ ասպարէզիս` բժշկութեան հետ: Այսօր բախտաւոր կը զգամ, որ բժշկութեան ասպարէզին մէջ բազմաթիւ տարիներու ծառայութեանս զուգահեռ, ունեցայ ազգային ծառայութիւն: Փորձած եմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ նպաստս բերել Հայ եկեղեցիին, հայ դպրոցին, հայ հաւաքականութեան ու ընկերութեան, այլ խօսքով` Հայ Կեանքին: Այս նպաստը եղած է գործնական միջոցներով, ստանձնելով ծառայական պաշտօններ` ազգային եւ եկեղեցական մարմիններու մէջ, նաեւ` զանազան առիթներով գրել ու արտայայտուիլ ազգային եկեղեցական ընդհանրական նիւթերու մասին: Ուստի ուզեցի գրաւոր արտայայտութիւններս ամփոփել մէկ կողքի տակ եւ ներկայացնել  հանրութեան` իբրեւ մտաւոր ծառայութեանս արգասիքը:

«Բժշկական ծառայութեան դաշտէն անդին»  հատորը ձօնած եմ կեանքիս 54 տարիներու անզուգական ընկերոջս, կողակիցիս եւ երեք դուստրերուս մօր` Էլիզապէթին:

Այս երեք հատորներուն պատրաստութեան եւ լոյս ընծայման աշխատանքին մէջ մեծ դեր ունեցան մեր երկու մտաւորական բարեկամները` Վրէժ-Արմէն Արթինեան եւ Սարգիս Մահսէրէճեան: Առաջինը,  ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաճոյքով եւ սիրայօժար կատարեց 23 գրութիւններուն լեզուական սրբագրութիւնը, իսկ երկրորդը, նմանապէս սիրայօժար եւ հաճոյքով, կատարեց մնացեալ 155 գրութիւններուն լեզուական սրբագրութիւնը եւ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ գիրքիս խմբագրման աշխատանքին: Ան նաեւ գիրքերս հարստացուց իր «Բժիշկը` դարմանատան մէջ եւ դուրսը», «Կեանքի մը խճանկարը» եւ  «Խօսք ունեցող հասարակական մարդ մը» խորագրեալ յառաջաբաններով:

Ահաւասիկ` Սարգիս Մահսէրէճեանի «Համով-հոտով եւ լեղի յուշեր» հատորին «Կեանքի մը խճանկարը» խորագրեալ յառաջաբանը.

Կեանքի Մը Խճանկարը

«Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան հայ ընթերցողին բազմատասնեակ տարիներէ ի վեր ծանօթ է իր գրիչին վաստակով ու բժշկական ասպարէզին մէջ երկակի ծառայութիւններով:

Ըսինք` երկակի, որովհետեւ իբրեւ մասնագէտ բժիշկ` ան մօտաւորապէս 50 տարի դարմանած է իրեն դիմող հիւանդներ` գործելով սեփական դարմանատան յարկին տակ կամ հիւանդանոցներու մէջ, իսկ եթէ հարկը պահանջած է, գացած է հիւանդին տունը: Մեր օրերուն, եւ` ինքզինք քաղաքակիրթ հռչակած աշխարհին մէջ, նման արարք հազուադէպ է բժիշկը ստիպուած է ծառայել դարմանատան կամ հիւանդանոցին մէջ, տնային այցելութիւնները դուրս ձգուած են Հիպոկրատի երդումը տուողներուն (գոնէ` մեծ մասին) բառարանէն: Այս իմաստով, բժիշկ Հարպոյեան կը պատկանի «հին սերունդ»-ին, եւ լա՛ւ է, որ այդպէս է:

«Հին սերունդ»-ին պատկանիլը իրեն ընծայած է աշխատանքի երկրորդ երես մըն ալ: Ան չէ բաւականացած պարզապէս իբրեւ բժիշկ գործելով, այլապէս` ողջունելի ընթացք, այլ նաեւ տասնամեակներ շարունակ իր գիտելիքներէն ու մասնագիտական փորձառութիւններէն առատօրէն եւ ձրիօրէն բաժին հանած է ընթերցողներու: Աշխատակցած է բժշկական պարբերաթերթերու, օրաթերթերու, որոնց էջերէն զանազան հիւանդութիւններու ախտորոշման եւ դարմանումի ձեւեր բացատրած է հանրութեան: Այդքանով ալ չէ բաւականացած, այլ բազմահարիւր յօդուածներ հաւաքած է եւ կազմած` «Բժիշկին խօսքը» հատորներու շարքը: Ուրեմն կատարած է երկակի գործ` գործնական դարմանում եւ հրապարակային խորհրդատուութիւն: Անոր կեանքի գործն ու գրիչին արգասիքները պերճախօս վկայութիւն են, թէ ան ինչպիսի՛ խորութեամբ թափանցած է իր երդումին իմաստին, զայն վերածած է ապրումի, կեանքը ապրելու ձեւի:

Այս հատորին հեղինակը ունի գրաւոր արտայայտութիւններու այլ` բժշկական-մասնագիտականէ անդին հասնող կալուածներ ալ: Վերջին տարիներուն ան լծուած է մեր Դատի որոշ մէկ երեսին պաշտպանութեան: Թէեւ չի պատկանիր Ցեղասպանութիւնը տեսած-ապրած սերունդին, սակայն անմիջական ժառանգորդը ըլլալով անկէ փրկուած իր ծնողներուն` ձեռնարկած է երկարաշունչ պրպտումներու եւ իրեն պէս վաստակաւորներու նման` յատուկ նախանձախնդրութեամբ լոյսին բերած է Ցեղասպանութեան կարգ մը անթեղուած երեսները` սկսեալ փրկուածներու ապրած արհաւիրքներէն մինչեւ  բժշկութեան ասպարէզը որդեգրած թուրքերու մասնակցութիւնը` Ցեղասպանութեան ոճիրին: Այդ էջերն ալ հաւաքուած են հատորներու մէջ: Զանոնք կարդացողը կը տեսնէ, կը զգայ, թէ ինչպիսի՜ ալեկոծումներ ապրած է սփիւռքի երկրորդ սերունդին պատկանող այս հայորդին, որ պատրաստ չէ մոռնալու իր ժողովուրդին հասած պատուհասը, ահաւոր փորձառութիւնները, հայրենիքն ու անոր մեծ մասին կորուստէն բխած պահանջատիրութիւնը: Ան կրողն է նահատակներու կտակին:

Բժիշկ Կ. Հարպոյեանի մասնագիտական գիտելիքներուն դիմողները եւ մամուլին հետեւող ընթերցողները ծանօթ են անոր վաստակին յիշեալ երեսներուն: Այս բոլորին կողքին, շատեր ծանօթ են նաեւ անոր ազգային ծառայութիւններուն, որոնց գլխաւոր դաշտերը եղած են մեր եկեղեցական ու կրթական հաստատութիւնները, Համազգայինն ու մասնագիտական միաւորներ: Ասոնք, սակայն, կը կազմեն անհատին «արտաքին» դիմագիծը: Սովորութիւն չունինք հարց տալու, թէ սա բժիշկը, գրողը, պրպտողն ու ազգային կալուածներու մէջ ծառայողը արդեօք «ներքին» երես մըն ալ ունի՞: Նման բաներ ընդհանրապէս կը սպասենք գեղարուեստական գրականութիւն մշակողներէ` վիպագիրէն, բանաստեղծէն, մինչեւ իսկ` թատերագիրէն: Այսուհանդերձ, ինչպէս ոեւէ մարդ արարած, այս հեղինակն ալ բնականաբար ունեցած է, ունի իր «ներքին» աշխարհը, որուն մէկ արտայայտութիւնը ըլլալու կոչուած է ներկայ յուշագրական հատորը:

Եթէ ընթերցողը բանայ այս հատորին դուռը եւ մտնէ ներս, պիտի տեսնէ, որ հեղինակը ստանձնած է զբօսաշրջիկներ առաջնորդողի դեր մը, սակայն զինք տեսարժան վայրեր, հնութիւններ եւ կոթողներ առաջնորդելու փոխարէն` պտոյտի կը հանէ իր կեանքի էջերէն քաղուած, իբրեւ մարդ ապրուած դրուագներու, «տեսարժան վայրերուն» մէջ: Հոս մասնագէտ բժիշկը քիչ ներկայ է, գերակշռող ներկայութիւն է մարդ արարած Կարպիս մը, որ մանկութեան ու պատանութեան օրերէն ունի համով յիշատակներ, մերթ` դպրոցական կեանքէն, յաճախ ընտանիքի յարկէն, սակայն նաեւ` իր կողքին ապրած մարդոցմէ (ընտանիք, բարեկամ-ընկեր), մասնագէտներէ եւ այլ էակներէ: Զանոնք կը պատմէ պարզութեամբ, մտերմիկ ոճով, հազուադէպ զուարթախոհութեամբ, այլ ընդհանրապէս լուրջ ձեւով, եւ` հազիւ ցոյց տրուող խորհրդատուական թելադրականութեամբ: Կը պատմէ ու կ՛անցնի, դասեր քաղելու կամ բարոյախօսական խրատներու տողեր չի յատկացներ, սակայն ընթերցողը կը զգայ, որ պատմողը բարի մարդ մըն է, կեանքի ճամբաները կտրած` բարի հոգիով ու բարիք բաշխելու ընդոծին յատկութիւններով: Պատգամախօս մը չէ, սակայն բնական պատգամներ ներկայ են քիչ մը ամէն տեղ:

Գործը ո՛չ աննախընթաց է, ո՛չ ալ հեղինակը ճամբայ ելած է գրական ստեղծագործութիւն կատարելու տրամադրութեամբ: Ոեւէ մարդ արարած ալ կ՛ապրի մանկութիւն, պատանութիւն, կը դառնայ չափահաս, ու եթէ բախտաւոր է, տարիքը կը յառաջանայ եւ զինք կը դարձնէ փորձառու: Նման ճամբորդութիւնը կատարած է նաեւ այս հեղինակը, սակայն անոր յուշերը բնականաբար իւրայատուկ են, որովհետեւ կը բխին ի՛ր կեանքէն, յաճախ` համակող ու յուզում պատճառող, երբեմն ալ… դառնութիւններով խառնուած դրուագներու յաջորդականութիւն մը կը պատկերեն: Հոն կան հիմնական երեք աշխարհներ` Հալէպը, Պէյրութն ու Քանատան, քիչ մըն ալ` Լոս Անճելըսը եւ այլ վայրեր: Աւելի քան դար մը առաջ Գրիգոր Զոհրապ գրած է «Կեանքը ինչպէս որ է» պատմուածքներու շարքը: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանն ալ հոս ընթերցողին կը ներկայանայ ըսելով. «Այս ալ ի՛մ կեանքս է, կեանքիս էջերէն քաղուած պատառիկներ, որոնք ժամանակի հեռաւորութենէն առաւելաբար կը հնչեն համով, սակայն երբեմն, օրին, դառն հետք թողած են քիմքիս, սրդողում եւ տագնապ պատճառած են ինծի»: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր խորագիրի տակ ձեւաւորուած է «խիճ» մը, պատառիկներ, որոնք հատորին երկայնքին քով-քովի բերուելով, կազմած են խճանկար մը` կեանքի՛ մը խճանկարը: Եւ ինչպէս որ իր մասնագիտական գիտելիքները բաժնեկցած է ընթերցողին հետ, նոյնպէս ալ այս յիշատակները, երբեմն` սուր յիշողութիւն մատնող եւ զմայլանք առթող մանրամասնութիւններով, կը բաշխէ ընթերցողին: Իսկ եթէ զբօսաշրջիկ-ընթերցողը մերթ ընդ մերթ կրկնութիւն յուշող մանրամասնութիւններու հանդիպի, պատճառը այն է, որ այս դրուագները գրի չեն առնուած իբրեւ հատորի մէջ հաւաքուելիք էջեր, այլ` իբրեւ անջատ սիւնակներ, տարբեր ժամանակներու, տարբեր տրամադրութիւններով: Նման «թերութեան» մը դարմանումը պիտի կարօտէր երկարաշունչ վերախմբագրումի, սակայն հեղինակին նպատակը այդ չէ ի սկզբանէ:

Հատորին էջերուն պտոյտը աւարտող ընթերցողը աւելի՛ լաւ պիտի հասկնայ, թէ բժիշկ Կ. Հարպոյեան ինչո՛ւ որոշած է «Համով-հոտով եւ լեղի յուշեր» վերնագրել զայն, հաւանաբար ունենալով լուռ մաղթանք մը` իրեն եւ ընթերցողին, որ անուշները դարմանեն դառնահամներուն թողած ազդեցութիւնը»:

Շնորհակալութի՛ւն տիկին Նայիրի Հարպոյեան-Մոմճեանին եւ անոր երկու զաւակներուն` Բիւրակին եւ Յակոբին, որոնք իրականացուցին այս հատորին հրատարակութիւնը իրենց ամուսնոյն եւ հօր` դոկտ. Կարօ Մոմճեանի անմար յիշատակին:

 

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան