Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան գրառումը Մայր Տաճարի վերաօծման առիթով
28 Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, իսկ 29 Սեպտեմբերին կատարուեցաւ Մայր Տաճարի վերաօծումը:
Սոյն միջոցառումներուն ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանը եւ այս առթիւ կատարած է ոգեշունչ գրառում մը, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
«Այսօր նոր սկիզբներու օր է։ Մենք կը կանգնինք այստեղ՝ մեր հաւատքի կեդրոնին մէջ, վայրի մը մէջ, ուր երկինքը հպած է երկրին: Սուրբ Էջմիածինը` երկրի վրայ կառուցուած առաջին քրիստոնէական տաճարը, վերանորոգուեցաւ, վերականգնուեցաւ եւ վերաօծուեցաւ: Դարեր շարունակ յոյսի փարոս ըլլալով, Իր ժողովուրդին մէջ Աստուծոյ ներկայութեան խորհրդանիշը դարձաւ, եւ կրկին ի յայտ եկաւ աւելի պայծառօրէն փայլելով:
Երբ ակնածանքով կը նայինք անոր գեղեցկութեան, ան մեզի հզօր բան մը կը յիշեցնէ՝ Աստուած միշտ կ’աշխատի վերականգնելու, նորոգելու եւ վերակառուցելու մեր կեանքը: Մենք՝ Աստուծոյ ժողովուրդը, անցած ենք զանազան մաշուածութեան եւ քայքայման ժամանակաշրջաններէ, ինչպէս այս սուրբ եկեղեցւոյ քարերը, որոնք դիմագրաւեցի անհամար փոթորիկներ: Բայց Աստուած կը խոստանայ. «Ես կը վերականգնեմ աւերակները եւ կը վերաշինեմ զանոնք, այնպէս ինչպէս նախապէս էին» (Եսայիա 58.12): Երբ ամէն ինչ կոտրուած կը թուի, երբ կեանքի դժուարութիւններու կշիռը չափազանց ծանր է տանելու համար, մենք կրնանք վստահիլ, որ Աստուծոյ ծրագիրը մեզ վերականգնելն ու նախկինէն աւելի ուժեղ եւ պայծառ դարձնելն է:
Սուրբ Էջմիածնի վերականգնումը մէկ գիշերուայ մէջ տեղի չունեցաւ, այլ ժամանակ առաւ: Պատմութեան շերտերուն վրայ կային թէ՛ յաղթական եւ թէ՛ ցաւալի պահեր: Այնուամենայնիւ, ահա մենք կանգնած՝ ականատեսը կ’ըլլանք անոր փառքին։ Մեր կեանքը նոյնն է. երբեմն կը փափաքինք, որ վերականգնումը մէկ վայրկեանի մէջ տեղի ունենայ: Մենք կ’ուզենք, որ Աստուած ամէն ինչ նոյն վայրկեանին շտկէ: Սակայն, վերականգնման գործընթացը ժամանակ կը պահանջէ: Կրնայ ըլլալ, որ այդ մեզի համար անմիջապէս տեսանելի չըլլայ, սակայն Աստուած քուլիսներու ետին կ’աշխատի:
Սուրբ Էջմիածինի քարերը դարաւոր աղօթքներու, օգնութիւն աղերսող անհամար աղաղակներու եւ անսասան հաւատքի ականատեսը եղած են: Այսօր, այս քարերը կանգնած են որպէս Աստուծոյ հաւատարմութեան վկաներ: Նոյն ձեւով, վկայութիւն են նաեւ մեր ժողովուրդի կեանքն ու մեր անհատական կեանքը։ Իւրաքանչիւր պայքար, իւրաքանչիւր յաղթանակ, իւրաքանչիւր աղօթք՝ Աստուծոյ հրաշակերտման մասնիկ մըն է մեր մէջ:
Եղբայրներ, Աստուած մեզի մինչեւ այս պահը հասցուցած է ոչ միայն պատմութեան ականատեսը ըլլալու, այլեւ յիշեցնելու, որ Ան նաեւ նոր սկիզբներու եւ վերականգնման Աստուածն է: Այս օրուընէ ետք երբ առաջ կ’երթանք, եկէք մեզի հետ տանինք Սուրբ Էջմիածինի ոգին` ուժեղ, տոկուն եւ պայծառ, որպէսզի աշխարհը տեսնէ զայն: Եկէք վստահինք Անոր, որ խոստացած է, թէ լաւագոյնը տակաւին պիտի գայ»։
Լուրը՝ «Արեւելք»ի