image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ 4674 թուական եւ աւելի անդին. Ի՞նչ կանխատեսած է «Պապա Վանկա»ն մարդկութեան համար

Մինչեւ 4674 թուական եւ աւելի անդին. Ի՞նչ կանխատեսած է «Պապա Վանկա»ն մարդկութեան համար

5079-էն անմիջապէս առաջ, մարդիկ պիտի բացայայտեն յայտնի տիեզերքի սահմանները եւ ճակատագրական քննարկումներ պիտի ունենան այդ սահմաններէն անդին անցնելու հնարաւորութեան մասին։ Ըստ մարգարէութեան՝ այդ որոշումը, կամ անոր հետ կապուած աղէտ մը, պիտի յանգեցնէ «բացարձակ դատաստանի օրուան», որ պիտի վերջ տայ ոչ միայն մարդկութեան, այլ ամբողջ տիեզերքին։

Բացայայտուած է Պուլկարացի կոյր գուշակուհի Պապա Վանկայի (որ ճանչցուած է իբր «Պալքաններու Նոստրադամոս») անունին վերագրուած մարգարէութիւն մը, ուր ան կը նշէ այն տարին, երբ ըստ իրեն պիտի վերջանան մարդկութիւնը եւ ամբողջ տիեզերքը։ Այս կանխատեսումը ան ըրած է իր մահէն շուրջ երեք տասնամեակ առաջ։

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթին համաձայն՝ Պապա Վանկան կը պնդէր, թէ «աշխարհի բացարձակ վերջը» պիտի պատահի 5079 թուականին՝ աներեւակայելի տիեզերական դէպքի մը հետեւանքով։

Ըստ տարբեր հաղորդումներու՝ Պապա Վանկայի մարգարէութիւնը կը ներկայացնէ մարդկութեան զարգացման մանրամասն ժամանակագրութիւն մը՝ սկսելով  արհեստագիտական յառաջընթացէն ու մեծ պատերազմներէն, հասնելով տիեզերքի մէջ ընդարձակման եւ վերջնական բնաջնջման։ Այս պատկերացումին համաձայն՝ մարդը պիտի կարողանայ գրաւել արեւային համակարգը, հասնիլ ինչ-որ տեսակ անմահութեան, եւ նոյնիսկ հաղորդակցիլ այլմոլորակային քաղաքակրթութիւններու հետ՝ նախքան վերջին աղէտը։

Ժամանակագրութեան մէջ կը նշուի, որ 3005 թուականին Հրատ  մոլորակին վրայ պիտի բռնկի մեծ պատերազմ մը, որուն աւերիչ ուժը պիտի փոխէ մոլորակներու շարժման ուղիները։ Հինգ տարի ետք՝ 3010-ին, գիսաւոր աստղ մը կամ աստերոիտ մը պիտի բախի Լուսինին, ինչ որ պիտի պատճառէ բեկորներու տարածում եւ Երկրի շուրջ տեսանելի օղակի մը կազմութիւն, փոխելով գիշերային երկինքի տեսքը։

Մարգարէութիւնը աւելի մութ ապագայ ալ կը նկարագրէ․ ըստ անոր, 3797 թուականին Երկիր մոլորակին վրայ կեանքը պիտի վերանայ։ Սակայն այդ ժամանակ մարդկութիւնը արդէն պիտի գաղութացուցած ըլլայ այլ մոլորակ մը, ապահովելով իր գոյատեւումը «հայրենի» մոլորակէն դուրս։

45-րդ դարուն, ըստ Պապա Վանկայի, մարդկութիւնը պիտի ապրի աննախադէպ  արհեստագիտական բարոյական վերելք մը․ բոլոր հիւանդութիւնները պիտի վերանան, մարդկային ուղեղի կարողութիւնները պիտի բազմապատկուին, եւ «չարութիւն» ու «ատելութիւն» հասկացութիւնները պիտի անհետանան մարդկային գիտակցութենէն։

Ըստ անոր՝ մարդկային քաղաքակրթութիւնը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի 4674 թուականին, երբ բնակչութեան թիւը պիտի հասնի շուրջ 340 միլիառի՝ բաշխուած տարբեր մոլորակներու վրայ, եւ պիտի սկսի խելացի այլմոլորակային էակներու հետ նախնական միաձուլում մը։

5079-էն անմիջապէս առաջ, մարդիկ պիտի բացայայտեն յայտնի տիեզերքի սահմանները եւ ճակատագրական քննարկումներ պիտի ունենան այդ սահմաններէն անդին անցնելու հնարաւորութեան մասին։ Ըստ մարգարէութեան՝ այդ որոշումը, կամ անոր հետ կապուած աղէտ մը, պիտի յանգեցնէ «բացարձակ դատաստանի օրուան», որ պիտի վերջ տայ ոչ միայն մարդկութեան, այլ ամբողջ տիեզերքին։

Կարեւոր է նշել, որ Պապա Վանկայի մարգարէութիւններուն ուղղակի գրուած արձանագրութիւններ գոյութիւն չունին։ Անոր խօսքերը մեզի հասած են հիմնականին մէջ իր քրոջ աղջկան՝ Կրասիմիրա Ստոյանովայի, կամ հետեւորդներու միջոցով, որոնց երբեմն մեղադրած են սխալ մեկնաբանութիւններ ընելու մէջ։ Չնայած անոր, որ անոր անունին վերագրուած են մեծ դէպքերու «կանխատեսումներ»՝ ինչպէս Սեպտեմբեր 11-ի յարձակումները կամ Քովիտ-19 համաճարակը, մասնագէտներ կը շեշտեն, թէ այս բոլորն ալ կը մնան ենթադրութիւններ եւ չունին գիտական հաստատուած հիմք։

 

Նիւթին համար օգտուած ենք Sky News Arabia-էն 

Պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը