image

Մինակութեան վերջին կանգառը

Մինակութեան վերջին կանգառը

Տիկ. Լուսին մինչեւ օրս ինք իր կեանքը կը դիտէր շղարշի մը ընդմէջէն, իսկ այսօր այդ քօղը ինկած ու պատռած է: Ան իր կեանքը կը տեսնէ իրականութեան հայելիին մէջ՝ իմաստազուրկ ու աննպատակ:

Այսօր, իր թունաւոր առանձնութեան մէջ Տիկին Լուսին կը վերապրի իր սիրելի ամուսնոյն՝ Անուշաւանին կորուստը, որովհետեւ անցեալին, յանուն իր զաւակներուն, ան «կիսատ» թողած էր իր սուգը...: Ան այժմ առաւել սաստկութեամբ  կ՚ընկալէ իր զաւակներուն կարօտը: Իսկ տան վերջին անդամին մեկնումով, իր դիմաց կը պարզուի մենակութեան վերջին ու դառնագոյն կանգառը...:

Այսօր մեր շուրջը բազմաթիւ Տիկին Լուսիններ ու նմանօրինակ պարագաներ կան... չզարմանանք եթէ անոնց ներաշխարհին մէջ կուտակուած ցաւերը օր մը լաւայի նման ժայթքին ու պոռթկան…։

 

 

 Տիկին Լուսինը, թէեւ բոլորած է իր վեցերորդ  տասնամեակը, բայց իր Աստուածատուր գեղեցկութիւնը կորսնցուցած չէ: Անոր դէմքը ակնառու է ճերմակ մաշկով, երկնային կապոյտ աչքերով ու խարտեաշ մազերով, իսկ մարմինը՝ բարձրահասակ ու բաւականին բարեձեւ: Լուսին իր արտաքին  գեղեցկութեան համապատասխանող բարի սիրտ ու ազնիւ հոգի ունի:

Ան ուսումնական տարիներէն ճանչցուած  էր իր քաղաքավարութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ արձանագրած փայլուն արդիւնքներով: Կեանքը ժպտացած էր Լուսինին, երբ  Անուշաւանը՝ վայելչակազմ տեսքով երիտասարդը, որուն արժանիքներուն ու բարեմասնութիւններուն մասին կը վկայէին բոլոր զինք ճանչցողները,  յանկարծ յայտնուած էր իր դէմը:

Երիտասարդ սիրտերը բաբախած էին ջերմ սիրով, հետեւաբար խանգարող ոչ մէկ հանգամանք կար, որ Լուսինն ու Անուշաւանը միասնաբար կնքէին իրենց ամուսնական ուխտը, ապաւինելով Տիրոջ ու ծնողներու օրհնութեան:

Անոնց գերերջանիկ երդիկին տակ հասակ կ՚առնեն երկու զաւակներ, որոնց խինդն ու ճռուողիւնը յաւելեալ իմաստ կը պարգեւեն իրենց ծնողաց: Օրերուն հետ կը մեծնան Անուշաւանին ու Լուսինին փայփայած երազներն ու փայլուն ապագայի մը տեսլականը:

Ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ անողոք հիւանդութիւն մը կրնար մուտք գործել այդ գեղեցիկ ու եռանդով խայտացող տունը եւ հարուածել տան հիմնասիւնը՝ խլելով Անուշաւանին կեանքը։

Լուսինին համար անսպասելի ու ջարդարար կացինի հարուած մըն էր իր ամուսնոյն մահը՝ իր կեանքի մեծագոյն եւ միակ սիրոյն կորուստը: Թախանձանքով ան կը դիմէ Աստուծոյ. « Տէ՛ր, ինչո՞ւ...ինչո՞ւ հիմա՛, թէեւ զաւակներս չափահաս են, բայց տակաւին անկախացած չեն եւ կարիքը ունին իրենց հօր հոգածութեան, ցուցմունքներուն, հովանիին...»:

Լուսին պահ մը կը դիտէ իր զաւակներուն դէմքերը եւ անոնց աչքերուն մէջ կը տեսնէ թունաւոր թախիծը, անորոշութեան ու շուարումի մռայլ թելերը ..: Դեղատոմս մը գտածի նման, ան ինքզինք կը պարտադրէ «հագուելու» Անուշաւանին կերպարը: Լուսին շատ արագ կը սրբէ իր արցունքները, անոնցմէ մաս մըն ալ խեղդելով իր աղի կոկորդին մէջ: Իր ճմլուած սիրտին կը հրամայէ սթափիլ ու խաղաղիլ: Թէեւ իր արդար իրաւունքն էր բարձրաձայն լալը, ողբալը, կուրծք ծեծելը, խենթանալը...բայց կ՚որոշէ ամրանալ եւ պարսպել իր զաւակները:

Լուսին եւ իր մայրը ամբողջութեամբ կը նուիրուին  որբացած զաւակներուն եւ իրենց հնարաւորութեան սահմանին մէջ «կը լրացնեն» Անուշաւանին  թողած պարապը: Օրերը, հակառակ իրենց ծանրութեան, արագ կը սահին եւ երկու զաւակները կը ստանան  իրենց համալսարանական վկայականները: Անոնցմէ մէկը իր ուսման կատարելագործման համար կը մեկնի այլ նահանգ մը, իսկ երկրորդը ամուսնութիւն կը կնքէ երիտասարդի մը հետ ու կ՚ապրի այլ ցամաքամասի մը մէջ։

Լուսինին համար շատ ցաւալի երեւոյթ կ՚ըլլայ իր զաւակներուն պարպուած սենեակները տեսնելն ու պատերուն արձագանգը լսելը…։ Անձկութեամբ ու կարօտով կը փնտռէ իր երիտասարդ զաւակները ու անոնց դասընկերներուն ստեղծած եռուզեռը, ծիծաղը, նոյնիսկ՝ աղմուկը: Կ՚ամայանայ մասնաւորաբար տան խոհանոցը, ուր Լուսին, իր մօր օգնութեամբ կը պատրաստէր փարթամ կաթսաներով համադամ ճաշատեսակներ եւ անուշաբոյր կարկանդակներ ու բլիթներ:

Նոր հանգրուան մը կը սկսէր Լուսինին համար, որուն կամայ թէ ակամայ պէտք էր ընտելանար ու համակերպէր: Ընդանհրապէս ան կը յաջողէր զսպել իր արցունքները, բայց երբեմն ալ՝ կը ձախողէր: Լուսինին մօր՝ Մաքրուհիին  աչքերէն չէին վրիպեր անոր թախծոտ արցունքները եւ դէմքին նահանջող փայլքը: Մաքրուհի յաճախ հոգոց մը կը հանէր ու մեղմ ձայնով կը մրմնջար. «է՜հ, 

 

մայր եղիր ու դիմացիր, բայց ձեռքէս ի՞նչ կու գայ»:

Վստահ թէ բան մը պիտի չգար...: Մաքրուհի արդէն շատ յառաջացած տարիքի էր ու առողջութիւնը օրէ օր կը դաւաճանէր զինք: Առաւօտ մը կը փորձէ անկողինէն վար իջնել, բայց չի կարողանար: Այդպէս ալ, երկար տարիներ գամուած կը մնայ անկողինին: Ժամանակի հետ կը նահանջեն անոր յիշողութիւնը , տեսողութիւնը, լսողութիւնը եւ այլ կարողութիւններ:

Լուսին կրկին կը սրբէ իր արցունքները եւ կ՚որոշէ ամրանալ: Ան կ՚անտեսէ իր բոլոր հոգերը, վիշտը, կարօտը, եւ իր մօր առողջութիւնը առաջնահերթութիւն համարելով,  կը նուիրուի անոր խնամքին: Երկար տարիներ մայրը իր միակ թեւ- թիկունքն էր եւ ինք անոր հանդէպ խոր երախտիք եւ անհուն սէր կը տածէ: Ան իր տան այժմու միակ շնչող էակն է, իր առանձնութեան «երկուորեակը» եւ  ապրելու ու գոյատեւելու գրաւականը:

Աստուած Մաքրուհիին շատ երկար կեանք պարգեւեց, գրեթէ դար մը: Թէեւ ան անգիտակից վիճակի մէջ էր, բայց Լուսինին համար անոր գոյութիւնը մղիչ ուժ էր, խթան մը, դրդապատճառ մը, առաւօտ կանուխ արթննալու, անոր անհրաժեշտ կարիքները հոգալու, անշարժացած մարմինը լուալու, հագուստները փոխելու, մազերը սանտրելու, կերակրելու, դեղերը տալու...: Բարեսիրտ դուստրը ամէն վարկեան ընելիք մը ունէր: Ան մերթ ընդ մերթ իր մօր արծաթագոյն մազերը կը շոյէր, ճակատին համբոյր մը կը դրոշմէր եւ ձեռքերն ու ոտքերը կը շփէր: Մէկ խօսքով, իր մտասեւեռումը, սէրը, կեդրոնացումը, աշխարհը մայրն էր:

Մեզմէ ո՞վ կրնայ հերքել մահուան անխուսափելիութիւնը: Ան Եկուոր մըն է, որ մեր հրաւէրին կարիքը չունի: ինչքան ալ ուշանայ, գիտենք, որ օր մը անպայման պիտի յայտնուի: Վերջապէս կը հասնի այն ժամը, երբ Լուսին պարտադրաբար հրաժեշտ կու տայ  իր սիրելի մօրը:

Վերջերս իմացայ, որ Լուսինը ինքնամփոփ ու մենակեաց դարձած  է եւ կը մերժէ ոեւէ անհատի հետ խօսիլ, տեսակցիլ, կամ կապ պահել։ Ոմանք զարմացած են եւ հարց կու տան, թէ ինչո՞ւ։

Ես բնական ու սպասելի երեւոյթ կը համարեմ Լուսինին վիճակն ու վարմունքը: Շատ յստակ է, որ յուսալքումը, կամ ընկճախտը ( despair or depression) բոյն դրած է անոր մէջ: Ժամանակի ընթացքին գոյացած ժխտական կուտակումները՝ կեանքի հարուածներն ու վիշտերը, ընկճած են Լուսինին զգացական ու հոգեբանական դիմադրողականութիւնը (emotional and psychological immunity), իրմէ խլելով յոյսը, եռանդը, տոկունութիւնը, կամքը եւ պատահարները «իրապաշտօրէն» ընդունելու կարողութիւնը:

Անցեալին, Տիկին Լուսին կեանքին իմաստն ու նպատակը գտած էր իր հոգատարի դերին մէջ: Ան հաւատացած էր, որ երբ ինք սէր ու խնամք կը պարգեւէր, նոյնքան բաւականութիւն եւ օրհնութիւն կը ստանար: Ան որեւէ դժբախտութեան պարագային ինքն իրեն կը պարտադրէր իր վիշտը «ծալլելով» մէկդի դնել եւ կեդրոնանալ իր սիրելիներուն բարեկեցութեան վրայ ։ Այժմ իր մօր մահէն ետք, ան կը գտնուէր առանձնութեան խցիկին մէջ, ուր ոչ մէկ դրդապատճառ ունէր ամրանալու եւ նուիրուելու:

Տիկ. Լուսին մինչեւ օրս ինք իր կեանքը կը դիտէր շղարշի մը ընդմէջէն, իսկ այսօր այդ քօղը ինկած ու պատռած է: Ան իր կեանքը կը տեսնէ իրականութեան հայելիին մէջ՝ իմաստազուրկ ու աննպատակ:

Այսօր, իր թունաւոր առանձնութեան մէջ Տիկին Լուսին կը վերապրի իր սիրելի ամուսնոյն՝ Անուշաւանին կորուստը, որովհետեւ անցեալին, յանուն իր զաւակներուն, ան «կիսատ» թողած էր իր սուգը...: Ան այժմ առաւել սաստկութեամբ  կ՚ընկալէ իր զաւակներուն կարօտը: Իսկ տան վերջին անդամին մեկնումով, իր դիմաց կը պարզուի մենակութեան վերջին ու դառնագոյն կանգառը...:

Այսօր մեր շուրջը բազմաթիւ Տիկին Լուսիններ ու նմանօրինակ պարագաներ կան... չզարմանանք եթէ անոնց ներաշխարհին մէջ կուտակուած ցաւերը օր մը լաւայի նման ժայթքին ու պոռթկան…։

 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...