Ծանծ
Մեր ունայնամտութիւնը յաճախ կը թելադրէ մեզի, թէ ամէն բան... գիտենք:
Ի մտի ունիմ մասնաւորաբար մեր մայրենիի բառամթերքը:
Մինչեւ որ օր մըն ալ ահա պատահական ընթերցումի մը առթիւ անհաւատ աչքերուդ առջեւ կը ցցուի բառ մը, որուն ոչ միայն ծանօթ չես նշանակութեանը, այլեւ... առաջին անգամն է որ կը հանդիպիս անոր ամբողջ կեանքիդ ընթացքին, դուն որ գրեթէ համոզուած էիր, թէ ծանօթ ես հայերէնի, գոնէ ընթացիկ հայերէնի, բոլոր բառերուն:
Ահա այդպիսին էր ինծի համար ծանծ-ը, որուն հանդիպեցայ հայր Յակոբոս Տաշեանի մէկ նախադասութեան մէջ.
--«Ընտիր ցորենի շեղջին մէջ շատ առատ է նաեւ ծանծը» («Բառախօսական դիտողութիւններ», Վիեննա, 1926, էջ 3):
-Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս ծանծ ըսուածը,- անակնկալի եկայ իւրովի ես, որ մատներուս ծայրին պէս լաւ կը ճանչնամ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը», որուն մէջ կիրրակուած պէտք է ըլլային ցորենին առնչուող բոլոր բառերը անխտիր:
Ծանծ...
Չի՞ կրնար ըլալ, որ գրաշարական սխալի մը բերումով ան գտնուի այս էջին վրայ. դաւադրաբար կը մաղթեմ, որ այդպէս ըլլայ, եւ զայն չգտնեմ «Նայիրի»-ի 150 բառարաններէն եւ ոչ մէկուն մէջ:
Բայց ահա չար բախտէս՝ բացած առաջին բառարանէս՝ Գայայեանի «Բառարան գանձարան»-ին մէջ կը կարդամ.
«Ծանծ - ցորենի, վարսակի փոճոկ, կճեպ»:
Փոճո՜՜՜կ...
Ուրեմն տակաւին փոճոկ մըն ալ կայ հաշուին մէջ...
Եւ այս բոլորը կը նշանակեն կճեպ, կեղեւ, պատեան՝ ցորենի ու այլազան հունտերու, ի մասնաւորի հացահատիկներու:
* * *
Լեզուն ապուրէն այրողը՝ թանը փչելով կը խմէ:
Հիմա ալ հարց կու տամ յեղակարծ փափկանկատութեամբ մը.
-Ո՞ր կճեպը...
Այն, որ կը պատէ ցորենը, երբ ան հասկին մէջ կը գտնուի տակաւին, թէ՞ այն, որ կը յառաջանար, երբ մայրս, հեռաւոր մանկութեանս, քարէ խոշոր սանդի մը մէջ թակով (խոշոր մուրճ) կը ծեծէր շուկայէն բերուած ցորենի հատիկները, որով կը պատրաստէր ձմռան այնքան գնահատուած թանապուրը:
Ուշադրութիւն. այսպէս ծեծուած ցորենը կը պահէ իր ծաւալային ամբողջութիւնը, չի կոտրտիր: Եւ ճիշդ չկոտրտելու համար ալ փայտէ թակով կը ծեծեն զայն:
Ուրեմն Ակադեմիայի քառահատորը շատ յստակ կը մատնանշէ այս վերջինը՝ հասկէն դուրս գտնուող ցորենի հատիկը պատող նուրբ մաշկն է ծանծը, որ շատ կը նմանի ձուկի թեփերուն:
Այսպէս ծեծելով թեփը հանուած ցորենը կը կոչուի ծեծած կամ կորկոտ:
Կորոկոտով եւ միսով,- թանապուրէն բացի,- կը պատրաստեն շատ գնահատուած հերիսան:
Թեփահան ցորենը կամ կորկոտը կը խաշեն, լաւ մը կը չորցնեն, ապա յատուկ ջաղացով կոտրտելով կամ խոշոր աղալով կը ստանան ձաւար կամ աշտիպ, որ կը ծառայէ մասնաւորաբար եղինձ կամ փիլաւ եփելու:
Հաց եւ հացահատիկներ
Հացը մեր արդի քաղաքակրթութեան մէջ մարդու,- գոնէ մարդկութեան մեծամասնութեան,- ամէնօրեայ հիմնական ուտելիքն է. եւ այսպէս եղած է անյիշելի ժամանակներէ ի վեր:
-«Զհաց մեր հանապազորդ տո՛ւր մեզ այսօր»,-Տէրունական աղօթքի բառերով 2000 տարի է կը թախանձենք Աստուածահօր:
Ո՛չ պանիրը, ո՛չ կարագը, ո՛չ միսը կամ այլ որեւէ ուտելիք:
Այսպէս է, որովհետեւ հացը ամբողջական սնունդ մըն է. մարդ կրնայ ապրիլ մի՛այն հաց ուտելով իր ամբողջ կեանքը: Աչքի առաջ ունենանք Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ խոր վիրապին մէջ բանտարկութեան 15 տարիներուն սնանեցաւ օրական պատառ մը հացո՛վ միայն, որ բարեպաշտ կին մը կը հայթայթէր անոր:
Հացի գլխաւոր եւ ընտրելագոյն աղբիւրը, գոնէ սպիտակ ցեղին համար, եղած է ցորենը, որ երկար ատեն միակը հանդիսացած է զայն պատրաստելու ծառայող ալիւրի ստացման: Ցորենին վրայ հետզհետէ աւելցած են եգիպտացորենը, բրինձը, գարին, հաճարը, վարսակը, կորեկը եւ ուրիշներ:
Հաճար Եգիպտացորեն Բրինձ Կորեկ Վարսակ
* * *
Հացի տեսակներ
ա)Ամբողջական հացը, ուր ցորենը կը պահէ իր բոլոր բաղադրիչները, ներառեալ թեփը: Ան թեթեւօրէն թուխ է:
բ) Սպիտակ հացը, ուր ցորենը կը զերծուի իր թեփէն, ինչ- պէս նաեւ ... սերմէն (germe, seed):
գ) Սեւ հացը, որ կը պատրաստուի հաճարի ալիւրով:
Կայ սեւ հացի տեսակ ալ, որուն ծագումը հետագծելի չէ:
Մրցոյթ 25.
***ԻՆչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք Լիբանանի մէջ սուրիացիներու մէկ օրով իսկ մնալուն նկատմամբ լուռ մնալու լռելու ամէն տրամաբանութիւն չքացաւ:
***Ջնջէ՛ աւելորդ տարրերը.
---Խաղաղապահները զէնքի երու եւ զինամթերքի ներու աւելի քան 200 թաքստոց ներ գտան:
***Ի՞նչ լուծում կրնաս տալ հետեւեալ սխալ կառոյցին.
---Ինքնաշարժս դանդաղ վարելով՝ նկատեցի ճամբուն եզրին փայտէ կոճղին ամրացուած ցուցանակը գրաւեց ուշադրութիւնս:
***Սրբագրէ հետեւեալ սխալ կառոյցը.
---Չինաստանի մէջ մանչերու թիւին համեմատութիւնը, բաղդատած աղջիկներուն թիւին , հասած է 100/119-ի:
***Կրնա՞ ջնջել հետեւեալին ութ աւելորդ բառերը.
---Թրամփ Արաբական ծոց իր շրջապտոյտին ծիրին մէջ Տոհա իր այցելութեան երկրորդ օրը ընթացքին քաթարցի պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (8), Գէորգ Եազըճեան (8,5), Ցոլակ Ապտալեան (3),Գեղամ Խաչատրեան (8,5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Միրնա Սիուլիւքճեան (6,5), Եփրդմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (5):
Մրցոյթ 26.
***Դուն ինչպէ՞ս կ’ըսէիր հետեւեալը.
---Իսրայէլեան անօդաչու սարք մը յարձակում գործադրեց ինքնաշարժի մը վրայ:
***Դարմանէ՛ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Թրամփի Ծոցի երկիրներ այցելութիւնն ու պայթած գայթակղութիւնը նոր նիւթ հայթայթեցին միջազգային մամուլին:
***Կրնա՞ս աւելի առոյգ շարադասութիւն մը տալ հետեւեալին.
---Հըզպալլա կազմաւորուեցաւ Հիւսեյնի գաղափարներէն եւ Իրանի նեցուկը ապահովելով մարտական ուժ դարձաւ:
***Ուղղափառ հայերէնով ըսէ հետեւեալը.
---Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով:
***Ո՞ր բառերը աւելորդ կը գտնես.
---Ատրպէյճանի բողոքները կրնան ի յայտ գալ նաեւ Ռուսիոյ ճնշումներուն ազդեցութեան տակ։
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com