Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան առընթեր «Արեւելք» դիմեց ԱՄՆ Արեւմտեան Ափ ապրող ազգային-քաղաքական գործիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, հարց տալով, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ գալիք փուլը ու մանաւանդ Արցախի հարցի լուծման առընթեր ինչ մտածումներ ունի։
Դոկտ. Յովսէփեան մասնաւորելով ստեղծուած բարդ դրութիւնը անգամ մը եւս վերահաստատեց այն մօտեցումը, որ անհնար է վստահիլ ու հաւատալ Ատրպէյճանի բռնատիրական կարգերուն։
Ան նաեւ ըսաւ, որ Արցախեան հիմնախնդրի լուծումը այս փուլին կը պատկերացնէ «Անջատում յանուն փրկութեան» ձեւաչափով։
Ստորեւ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի մեզի յղուած պատասխանը։
«Մեր բոլոր կասկածներն ու մտահոգութիւնները այսօր իրականացան, երբ ատրպէյճանական լայնածաւալ եւ անխնայ ռմբակոծումները ուղղուած Արցախի բնակիչներուն դէմ, եկան անգամ մը եւս փաստելու թէ Արցախահայութիւնը ոչ մէկ երաշխիք ունի վստահելու Ատրպէյճանի բռնապետութեան։ Առաւել եւս, մենք մեր ազգային բոլոր միջոցներով եւ անդուլ կերպով՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, ի գործ պիտի դնենք ամէն ճնշում որպէսզի միջազգային դերակատարներ լիարժէք կերպով համոզուին, եւ Ատրպէյճանին պարտադրեն «Անջատում Յանուն Փրկութեան» տարբերակը։ Արցախի լուծման համար ուրիշ տարբերակ պարզապէս չեմ պատկերացներ։ Ատրպէյճանը անգամներ փաստեց թէ որեւէ կերպ Արցախահայութեան ապահովութեան եարշխաւորը չի կրնար հանդիսանալ, եւ աւելին, ան տրամադրուած է խաղաղ բնակիչներու ջարդը իրագործել։ Աւելին, պարզ է արդէն որ Արցախահութեան ապահովութիւնը ոչ մէկ գերպետութիւն, ոչ մէկ ռազմավարական դաշնակից իր ուսերուն պիտի չվերցնէ, եւ բոլոր այդ տեսակի յոյսերը սին են։ Կը մնայ, որ ճնշումները միանշանակ եւ հետեւողական կերպով ըլլան միջազգային հովանաւորութեամբ անվտանգութիւն երաշխաւորել՝ յանուն մարդկութեան եւ փրկութեան անջատում իրագործելով, եւ որպէս նախընթաց որդեգրելով Քոսովոյի փաստացի օրինակը»։