Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Նոյեմբեր ամսու երկրորդ տասնօրեակին զանազան աշխատանքներով անդրադարձան Լիբանանի Անկախութեան տօնին, որուն նուիրուած կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 Նոյեմբերին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Աւարատական դասարանի աշակերտուհի Հրութ Քիւրիւմլեանի բացման խօսքէն ետք, գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան ծաղիկ դասարանի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները եւ Մեծ ու Փոքր Ծիծեռնակներ երգչախումբերը, պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ: Խմբային երգերով, ասմունքով եւ ուղերձներով Մեսրոպեանի աշակերտները յարգեցին յիշատակը Անկախութեան սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ շեշտեցին անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը՝ յառաջադէմ պետականութեան կերտումին մէջ:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ մօտ երկու տարի է, որ Անկախութեան տարեդարձը կը տօնուի առանձնայատուկ պայմաններու մէջ, որոնք կը յատկանշուին ընկերային, տնտեսական եւ առողջապահական սուր տագնապներով: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիք եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը կը գտնուին ծանօթ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ Լիբանանին կառչելու պարտաւորութեան տակ, պահպանելու համար Մայրիներու երկրին առաքելութիւնը: