image

«Մերձաւոր Արեւելքի կարեւոր խաղացողները արդէն յոգնած են ու կը մտնեն Time Out-ի»

«Մերձաւոր Արեւելքի կարեւոր խաղացողները արդէն յոգնած են ու կը մտնեն Time Out-ի»

Միջազգային իրադարձութիւնները այնպիսի փոխկապակցութիւնով մը կ՚ընթանան, որ բոլոր տարածաշրջաններու վերաբերեալ իրադարձութիւնները ազդեցութիւն կը գործեն իրարու վրայ։ Այս առումով Հայաստանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի եղելութիւններու պարագան ալ նոյնն է, թէեւ այլ տարածաշրջաններու բաղդատմամբ շատ մօտ աշխարհագրութեան մը կը վերաբերի խօսքը։ Մնաց, որ Հայաստանի տարածաշրջանի երկիրներէն շատերը, միեւնոյն ժամանակ, Մերձաւոր Արեւելքի ազդու խաղացողներ կը համարուին։

Այս բոլորի լոյսին տակ կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի հմուտ արաբագէտներէն Արմէն Պետրոսեանի, որու համոզմամբ Մերձաւոր Արեւելքի նոր գործընթացները Հայաստանի տեսակէտէ նոր առիթներ կրնան դառնալ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խորհրդածութիւնները։

*

- Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ Եմէնի պատերազմը կրնայ դուրս գալ իր պարունակէն։ Գիտենք, որ հուսի զինեալները հարուածեցին Ապու Տապին եւ տակաւին կը շարունակեն սպառնալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն։ Ի՞նչ կը մտածէք այս բոլորի մասին եւ դէպի ո՞ւր կրնան տանիլ իրադարձութիւնները։

- Եմէնի հակամարտութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի ամենավերահսկելի եւ խրթին հիմնախնդիրներէն մին է, որ իր սկզբնաւորումէն ի վեր տեւական լարուածութեան մէջ կը պահէ ո՛չ միայն Եմէնի հարեւան երկիրները, այլեւ՝ ամբողջ տարածաշրջանը։ Առանց չափազանցութեան, անցած շուրջ ութ տարիներու ընթացքին Եմէնի տարածքը վերածուած է տարածաշրջանային մրցակցութեան եւ միջնորդաւորուած-պատերազմներու լրջագոյն հարթակի, ուր բախում կ՚ունենան կարեւոր տարածաշրջանային դերակատարներու շահերը. օրինակ՝ Իրան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ), Պահրէյն, Եգիպտոս եւ այլն։ «Արաբական գարնան» ընթացքին սրուած սիւննի-շիի հակամարտութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ այս հիմնախնդրի ծիրէն ներս։ Վերոնշեալի շրջածիրէն ներս Ապու Տապիի դէմ հրթիռներու արձակման դէպքը եզակի չէ, բազմիցս թիրախ դարձած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ տարածքը, Եմէնին յարակից ջրային գօտիները եւ այլն։ Հակամարտութեան ողջ ընթացքին հուսի զինեալները փորձած են առաւելագոյնս վնաս հասցնել եւ մշտական լարուածութեան մէջ պահել հարեւան արաբական երկիրները, որոնք Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորած արաբական դաշինքին միջոցով կը պայքարին իրենց դէմ։ Անշուշտ, այս գործելաոճը շարունակական պիտի ըլլայ։ Բայց նաեւ պէտք է փաստել, որ հաշուի առնելով Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսի «Անսար Ալլահ» խմբաւորման ռազմական սահմանափակ ներուժը, ի զօրու չէ լուրջ վնաս հասցնել իմ նշած արաբական երկիրներուն։ Այս ուղղութեամբ հուսիներու առանցքային նպատակները հոգեբանական եւ քարոզչական հարթութիւններու վրայ են՝ տեւական տարածաշրջանային քաղաքականութեան օրակարգին վրայ պահել այս հիմնախնդիրը եւ համընդհանուր անվտանգութեան հասնելու ճանապարհին իրենց հետ բանակցելու պարտադիր պահանջը։

 

Այս բոլորի կողքին մենք նաեւ կը նկատենք, որ Եմէնի դէպքերը Սէուտական Արաբիա-Իրան հակամարտութեան մէկ դրուագն է։ Համաձայն է՞ք այս մօտեցումին, եթէ այդպէս է, ապա Իրան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան պարագային կրնա՞յ ընդհանուր պատկերը փոխուիլ։

- Ինչպէս արդէն նշեցի, տարածաշրջանէն ներս դեռ շարունակուող հակամարտութիւններուն մէջ առանձնակի կարեւորութիւն ունի նաեւ կրօնադաւանական շերտը։ Հետեւաբար, հակամարտային իրավիճակի վրայ բնականաբար սկզբունքային ազդեցութիւն ունին Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի քաղաքականութիւնը եւ յատկապէս՝ փոխյարաբերութիւնները։ Վստահաբար, միջուկային համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Իրան-ԱՄՆ հնարաւոր համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Եմէնի հիմնախնդրին վրայ։ Բայց եւ այնպէս, այս հիմնախնդրին վրայ շատ աւելի կարեւոր ազդեցութիւն կ՚ունենայ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Գիտենք, որ յատկապէս Իրաքի միջնորդութեամբ տեւական բաւականաչափ դանդաղ, նման գործընթաց կ՚ընթանայ, որ ի վերջոյ կրնայ յանգեցնել այս երկու տարածաշրջանային կարեւոր խաղացողներու յարաբերութիւններու կարգաւորման, որ վստահաբար դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին համար։

 

Վերը նշեցիք, ընթացող «լուռ» եւ գաղտնի բանակցութիւններու մասին, այս գործընթացները դրական արդիւնքներու կրնա՞ն յանգեցնել։

- Իմ գնահատմամբ՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 2020-ի վերջէն ի վեր կը ծաւալին գործընթացներ, որոնք խորքային առումով միտուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգային միջավայրի բարելաւման։ Իսկ միջպետական յարաբերութիւնները եւ հարցերու կարգաւորման տրամաբանութիւնը՝ նախկին հակամարտային բնոյթէն կը վերափոխուի համագործակցայինի։ Որպէս օրինակ՝ արաբ-իսրայէլեան, սուրիական հակամարտութիւններուն արձանագրուած խորքային փոփոխութիւնները, Թուրքիա-արաբական երկիրներ, Թուրքիա-Իսրայէլ, Արեւելեան Միջերկրածովեան տարածաշրջաններու մրցակցութիւնը եւ այլն։ Ասոր պատճառներն ալ պարզ են՝ տարածաշրջանի հիմնական խաղացողները հիւծած են տեւական հակամարտութիւններէն, որոնք յատկապէս վերջին տարիներուն որեւէ էական փոփոխութիւն չեն մտցուցած Մերձաւոր Արեւելքի ազդեցութեան գօտիներու քարտէսին մէջ։ Եւ չնայած առկայ խորքային խնդիրներուն՝ դեռ կը պահպանուին, այնուամենայնիւ, կարծես թէ կը վերցուի որոշակի դադար կամ, ինչպէս արդէն նշեցի, կը փոխուի մօտեցումներու բնոյթը՝ դէպի համագործակցային հարթութիւն։ Նոյն տրամաբանութեան շրջածիրէն ներս է նաեւ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու գործընթացը, որ կը կրկնեմ, չնայած դանդաղ, բայց, այնուամենայնիւ, կ՚ընթանայ եւ կը պարունակէ նաեւ փոքր բայց դրական արդիւնքներ։ Որպէս օրինակ՝ տեւական ընդմիջումէն յետոյ Սէուտական Արաբիոյ կողմէն իրանցի դիւանագէտներուն Ճիտտէի մէջ՝ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) գրասենեակին մէջ աշխատանքի թոյլտուութեան արտօնութիւնն է։ Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք կարելի է ըսել, որ շրջանը կը մտնէ «թայմ աութ»ի ընդհանուր փուլ մը։

 

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ըստ երեւոյթին ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը կ՚ապրի լուրջ տագնապ։ Ոչ մէկ «թէժ կէտ»ի պարագային առկայ է ամերիկեան յստակ քաղաքականութիւն։ Ի՞նչ է պատճառը եւ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք։

- ԱՄՆ-ի նման մօտեցման հիմքը դրուեցաւ յատկապէս՝ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի կառավարման տարիներուն։ Այս քաղաքական ուղեգիծի բովանդակութիւնը հետեւեալն է՝ տարածաշրջանի խնդիրները լուծել հիմնականին ԱՄՆ-ի մերձաւորարեւելեան դաշնակիցներու ջանքերով, պահպանել Ուաշինկթընի առնուազն խորհրդանշական ներկայութիւնը (ինչպէս օրինակ՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ) եւ հնարաւորութիւններու առաւել լայնամաշտապ վերադարձի, եթէ անոր անհրաժեշտութիւնը առաջանայ։ Այդ ուղեգիծը կը շարունակուի նաեւ ներկայիս՝ Պայտընի վարչակազմի կողմէ։ Բացատրութիւնն ալ, ըստ իս, այն է, որ քանի այս տարածաշրջանին մէջ նման մօտեցումը, ըստ էութեան, արդարացուած է, առայժմ նաեւ արդիւնաւէտ է, եւ ընդհանուր առումով իրավիճակը հիմնականին վերահսկելի է, ապա կարելի է շարունակել, քանի ներկայ շրջափուլին Ուաշինկթընի համար շատ աւելի կարեւոր են այլ տարածաշրջաններու՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի եւ Չինաստանի հետ կապուած հիմնախնդիրները, ուր ԱՄՆ կը փորձէ կեդրոնացնել գլխաւոր ներուժ։

 

Սուրիոյ մասին խօսելով մենք կը նկատենք, որ արաբական աշխարհէն որոշ դրական նշաններ կան Սուրիոյ հանդէպ։ Այդ մասին ի՞նչ կը խորհիք։

- Ինչպէս արդէն նշեցի, սկզբունքային փոփոխութիւններ տեղ գտած են նաեւ Սուրիոյ հիմնախնդրի շրջագիծէն ներս։ Առժամանակ դադարի պարագան առկայ է նաեւ այստեղ։ Իսկ բովանդակային առումով, այո՛, յատկանշական է արաբական առանցքային խաղացողներու մօտեցումներու փոփոխութիւնը եւ ներկայիս առկայ սթաթիւքոյի ընդունումը։ Իմ գնահատմամբ՝ արաբական հիմնական խաղացողները՝ յատկապէս Սուրիոյ հակամարտութեան հարցին, ամենաշատը կորսնցուցած են ազդեցութիւնը՝ զիջելով իրենց դիրքերը յատկապէս յօգուտ տարածաշրջանային մրցակիցներու՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ։ Հետեւաբար ներկայիս կ՚ընթանայ ընդհանուր քաղաքական ուղեգիծի վերանայում եւ փորձ կը կատարուի փափուկ ուժի՝ քաղաքական, տնտեսական գործիքակազմի առաջմղման միջոցով հնարաւորինս վերականգնել կորսուած դիրքերը։ Նշուածի վառ օրինակն է ԱՄԷ-Սուրիա կարգաւորման փորձերը, Եգիպտոսի, Յորդանանի, ընդհանրապէս Արաբական պետութիւններու լիկայի (ԱՊԼ) մօտեցումներու փոփոխութիւնը այս հակամարտութեան հարցով եւ Սուրիոյ մէջ փաստացի յաղթած Պեշար Էսատի վարչակարգի հետ յարաբերութիւններու մէջ։

 

Այս բոլորէն անդին ինչպէ՞ս կը գնահատէք վերջին ժամանակներուն Հայաստանի կողմէ դէպի արաբական աշխարհ բացուելու միտումները։ Այդ առումով լաւատես է՞ք։

- Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի ու արաբական երկիրներու յարաբերութիւններուն բաւականաչափ մեծ ներուժը անցեալ երեք տասնամեակներու ընթացքին առաւելագոյն չափով չէ իրացուած։ Այո, եղած են բազմաթիւ խնդիրներ՝ առարկայական եւ ենթակայական հիմնաւորումներ։ Այդուհանդերձ, պէտք է փաստել, որ փախցուած են բազում հնարաւորութիւններ, որոնք կարելի էր օգտագործել այս ուղղութեան առաջմղման համար։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու հարթութենէն, որոնց վրայ տեւական դրականօրէն ազդած է տարածաշրջանի երկիրներու հայ համայնքներու դերակատարումը, արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու վրայ որոշակի ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ Արցախի հակամարտութիւնը, Թուրքիա-Հայաստան խնդիրները, տարածաշրջանային մրցակցութիւնը եւ այլն։ Հետեւաբար մեծ տարածաշրջանին մէջ նկատուող ընդհանուր դրական մթնոլորտը, որու մասին արդէն իսկ նշած եմ, յաւելեալ հնարաւորութիւններ ընձեռած են բազմաթիւ արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ եղած բացը լրացնելու առումով, մանաւանդ, որ առկայ է փոխադարձ հետաքրքրուածութիւն ու շահագրգռուածութիւն։ Ինչ կը վերաբերի արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու խորացման միտումներուն, ապա, որպէս փորձագէտ, պարզապէս հերթական անգամ կրնամ բարձրաձայնել, որ ներկայիս բաւականաչափ նպաստաւոր շրջափուլ է, որ միանշանակօրէն կարելի է ծառայեցնել թողնուած բացը լեցնելու նպատակով։ Բայց կը կրկնեմ, այս ուղղութեամբ առաւել նախաձեռնողական մօտեցում պէտք է դրսեւորէ հայկական կողմը։ Յուսանք, որ այս անգամ գոնէ պատմական հնարաւորութիւնը չփախցնեն։

*

ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԴԷՊԻ ՔԻԵՒ

Քիեւի առաւօտը պայծառ չէր այն իմաստով, որ ակնկալուածէն շատ աւելի վաղ ռուսական զօրքերու թիրախ կը դառնար միջին եւ ծանր տրամաչափի հրթիռակոծումներու։

Ռազմական առումով ալ արդէն իսկ յստակ սկսած է դառնալ, որ ռուսական ուժերուն հիմնական նպատակն է՝ պաշարման օղակի տակ առնել մայրաքաղաքը, ընդհուպ մինչեւ հասնելու համար կառավարական շէնքեր եւ նոյնիսկ ձերբակալելու համար Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին։

Ուշագրաւ է, անշուշտ, որ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ առկայ պատերազմի հիմնական երկու «խօսափողները» պաշտպանութեան նախարարութիւններու կամ նախագահներու բանբերները չեն, այլ նոյնինքն նախագահներն են, որոնք երէկ տարբեր առիթներով յայտարարութիւններով հանդէս եկան։ Կասկածներու եւ անվստահութեան դուռ բացողը, անշուշտ, Զելենսքիի կողմէ հնչած յայտարարութիւններն էին ու շատ առումներով ալ կարելի է արդէն յստակօրէն ընդգծել, որ ան սպառած է իր ունեցած «կարողունութիւններ»ը եւ արար աշխարհին կը ներկայանայ՝ որպէս անկայուն «ղեկավար» մը։

Անշուշտ, Զելենսքին «եկուոր» քաղաքական դէմք մը դարձաւ։ Ուքրայնոյ զարգացումներուն քիչ թէ շատ հետեւածները լաւ գիտեն, որ Զելենսքին ոչ մէկ կապ ունէր քաղաքական կեանքին հետ եւ զինք դէպի նախագահական աթոռ տանող արեւմը-տեան ուժերը նպատակ ունէին պարզապէս օգտուելու անոր հանրայայտ դերասան մը ըլլալու հանգամանքէն։ Վերադառնալով անոր հակասական արտայայտութիւններուն, ապա հարկ է նշել, որ մինչ ան իր դաշնակիցներէն բողոքելով կ՚ըղձար նստիլ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի սեղանին, միւս կողմէ ալ կը մտածէր, որ տակաւին սանձ ունի իր ձեռքին «պոռչտալ»ու համար։ Այո՛, ընդամէնը պոռչտալ, որ Ուքրայնա իր ամբողջ բանակով, կառավարական մարմիններով ու համակ ժողովուրդով պիտի շարունակէ կռուիլ Ռուսաստանի բանակին դէմ։

Ի դէպ, բանակցութիւններու սկսելու Զելենսքիի փափաքը օդին մէջ չմնաց։ Ռուսաստանի նախագահը շատ հմտօրէն «պատասխանեց» այդ առաջարկին եւ, անշուշտ, մէջտեղ հանեց Սպիտակ Ռուսիոյ մէջ բարձր մակարդակով բանակցութիւններ (Լուքաշենքոյի հովանաւորութեամբ) վարելու առաջադրանքը։ Մինչեւ այս պահը, սակայն, այս առաջարկը միս ու արիւն չէ ստացած՝ հակառակ անոր, որ ռուսական ուժերը ամէն վայրկեան աւելիով կը մօտենան Քիեւին։

Միւս կողմէ, հաշուի պէտք է առնել Փութինի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որոնցմով նոր օրակարգ մը մէջտեղ հանելով՝ ո՛չ միայն Ուքրայնոյ բանակի վերնախաւին ըմբոստանալու կոչ կ՚ընէր, այլեւ կը հաստատէր, որ իրենք կը կռուին նէօ-նացիներու դէմ ու պիտի ընեն ամէն ինչ ապահովելու համար Ուքրայնոյ ծայրամասային հատուածներուն անվտանգութիւնը։ Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիս մը տալով կը փարատէր բոլոր տեսակի հնարովի մտավախութիւնները, թէ իր երկիրը մտադիր է գրաւել ամբողջ Ուքրայնան։

Լաւրով մասնաւորապէս ըսաւ. «Մենք չենք ուզեր գրաւել Ուքրայնան, մեր նպատակն է նէօ-նացիներու առաջքը առնել։ Մենք տարբեր առիթներով փորձեցինք միջին լուծման գալ Արեւմուտքի հետ, բայց չյաջողեցանք։ Ճիշդ կարդացէք նախագահ Փութինի խօսքերը, մենք քաղաքացիական կէտերը պիտի չհարուածենք»։ Լաւրով նաեւ իր սիրտը «պարպելով» բողոքեց արեւմտեան մամուլին դէմ՝ նշելով, որ Արեւմուտքը երբեք չէ լուսաբանած Տոնպասի իրավիճակը, ոչ ալ խօսեցած է այդ շրջաններու քաղաքացիներու ապրած դժուարին վիճակներուն մասին։ «Ոեւէ լրագրող չեկաւ եւ սահմանյին հատուածներու վիճակը չլուսաբանեց։ Գայիք եւ նկարահանէիք, ինչո՞ւ չըրիք», ըսաւ ան։

Տագնապի տնտեսական երեսակին մասին հարկ է շեշտել, որ պատերազմի երկրորդ օրն իսկ յստակ դարձաւ, թէ Մոսկուայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները իրադարձութիւններուն վրայ արագօրէն ազդելու ներուժը չունին։ Ներկայ փուլը «շոք»ը հասնկալու փուլ մըն է եւ, անշուշտ, անկէ դուրս գալու, կամ նոր տեսակի քայլեր առնելու ժամանակը։ Այս առումով ալ յստակ էր Քրեմլինէն հնչած յայտարարութիւնը. «Պատժամիջոցներու հարցով մենք ելքերը պիտի գտնենք»։ Հետեւաբար, տնտեսական պատժամիջոցներու ճամբով Ռուսաստանի վրայ ազդելու Արեւմուտքի գրաւը, ուն չաշխատիր այս օրերուն։ Սակայն, ինչ ցնցումներ կամ հետեւանքներ կրնան երեւիլ յառաջիկային՝ դժուար է իմանալ։ Ներկայ փուլին, Արեւմուտքի «պապաներ»ուն գլխաւորը՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն յստակօրէն ըսաւ, որ իրենք այս պատերազմին ուղղակիօրէն մասնակից պիտի չդառնան։ Իրենք Ռուսաստանը պիտի պատժեն՝ այնքան մը պիտի պատժեն, որ ծունկի պիտի բերեն Փութինի կառավարական համակարգը. բան մը, որ հեշտ ու շնորհակալ գործ պիտի չըլլայ։

Այս բոլորէն բացի եւ թուարկելով կարեւոր յայտարարութիւններու այս շարքը՝ հարկ է ընդգծել ռուսական դիւանագիտական պատասխանատուի մը խօսքը, որ շատ կարեւոր ենթաշերտեր ունի իր մէջ։ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան ըսած է. «Ռուսաստան այս պատերազմի ճամբով շատ աւելի մեծ ու վտանգաւոր վիճակներու առաջքը պիտի առնէ, նաեւ պիտի կանխէ պատերազմի ծաւալումը Եւրոպայի մէջ»։

Դարձեալ քաղաքական առումով աւելի քան ուշագրաւ էր Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի յայտարարութիւնը, որ կը վերաբերէր ռուսական ռազմածովային ուժերու Մարմարայի նեղուցներէն անցնել-չանցնելու հարցին։ Այսպէսով յայտնի դարձաւ, որ թրքական դիւանագիտութեան գլխաւոր դէմքի խօսքերով տեղ մը կը յստականային այն գիծերը, որոնք ուղղակիօրէն կը փոխառընչուէին Անգարա-Մոսկուա բաւականին խորքային յարաբերութիւններու ենթագետնին հետ։ Անգարա շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ինք պիտի չըլլայ այն կողմը, որ ռուսերուն հետ խնդիրներ կը յարուցէ։ Թուրքիա թէեւ կը դատապարտէ Ռուսաստանի այս գործողութիւնը, սակայն, շատ լաւ կը գիտակցի, որ եթէ Հիւսիսատլանտեան ուխտը կամ խոշոր ԱՄՆ-ը բաց աչքերով կը դիտեն, թէ ինչպէս քաղաք առ քաղաք Ուքրայնոյ տարբեր հատուածները կ՚իյնան Ռուսաստանի տիրապետութեան տակ, ապա ի՞նչ կը մնայ իրեն ընելիք։

Եթէ հաշուի առնենք Ուքրայնոյ տագնապին ընդհանուր տրամաբանութիւնը, ապա բոլորին համար սպասելի է, որ այս պատերազմի աւարտին ամբողջ աշխարհ մտնայ նոր փուլ մը, որ պիտի ունենայ նոր տրամաբանութիւն, նաեւ այս օրերուն Ռուսաստանի ձեռքով ցանուած սերմերը կամաց-կամաց պիտի տան իրենց պտուղները։ Ռուսաստան պատրաստ է երկխօսութեան, պատրաստ է աշխարհին հետ խօսելու, պատրաստ է վկայելու եւ ըսելու, որ այլեւս ո՛չ թէ դիտող եւ իր պատեանին մէջ մտած երկիր մըն է, այլ կամք թելադրող եւ իրադարձութիւններուն վերաբերեալ իր ըսելիքը ունեցող երկիր մը։ Այս տրամաբանութեան ամենէն վառ «հանդիսավայր»ը կրնայ ըլլալ Սուրիան, որ շարք մը երկիրներու կողքին եղաւ Ռուսաստանի այս գործողութիւնը ողջունած դաշնակից մը, ի տարբերութիւն Հայաստանէն, որ շատ աւելի (ենթադրեալ) ամուր կապեր ունի Ռուսաստանի հետ, բայց գոհացաւ հեռուէն դիտել եղածները։ Իսկ Փութին-Էսատ հեռախօսազրոյցը, անշուշտ, լաւագոյն փաստն է, թէ դէպի «տաք ջուրեր» հասած եւ այդ ափերուն համար կռիւ տուած Ռուսաստանի ամենավստահելի երկիրը Սուրիան է, որ յառաջիկայ փուլերու պիտի դառնայ Մերձաւոր Արեւելքի ամենակարեւոր օղակներէն մին։

Ամէն պարագայի յստակ է, որ կը սկսի բաւականին նոր իրադարձութիւններու ենթաշրջան մը, որուն մէջ ալ ռազմական գործողութիւններու աւարտը կը ծանուցէ այս փուլը եւ որուն ընդհանուր կարգախօսն է՝ Ռուսաստանի համբերութեան չշահագործուիլը։

 

Սագօ Արեան

«ԺԱՄԱՆԱԿ», Պոլիս