«Հըզպալլա» շարժման պատասխանը Իսրայէլին Պէյրութի արուարձաններու վրայ յարձակման՝ պիտի ըլլայ ուժեղ և արդիւնաւէտ։
Այս ամսին ըսած է շարժման առաջնորդ Հասան Նասրալլան։
«Պայքարը կ՚ընթանայ իր հունով, եւ ես կը կարծեմ, որ դիմադրութիւնը պատերազմի մէջ Իրանի եւ Սուրիոյ անմիջական միջամտութեան կարիքը չունի։
Անոնք օգնած են եւ կը շարունակեն քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերել դիմադրութեան», -ըսած է Նասրալլան։
«Հըզպալլա»ի առաջնորդը զգուշացուցած է նաեւ Հայֆայի բնակիչները իրենց դէմ սպասուող յարձակման մասին։