Գորիսի համայնքապետի տեղակալ Մենուա Յովսէփեանը պիտի կալանաւորուի։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ, բաւարարեց Մենուա Յովսէփեանի նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին քննիչի միջնորդութիւնը։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է պաշտպան Մելքոնեանը։
«Վերաքննիչ բողոք ներկայացնելու ենք, բայց եթէ էլի պատճառաբանեն, որ համակարգիչները չեն աշխատում, ու ձեռքով են մակագրելու, ապա բողոքը կը դառնայ անիմաստ։ Մնացական Մարտիրոսեանը Մենուա Յովսէփեանին ուղարկեց «Արմաւիր» ՔԿՀ»,–ըսած է ան։
Ինչ կը վերաբերի Գորիսի համայնքապետարանի աշխատակցուհի Արմինէ Չոպչունցին, ապա Յովսէփեանի պաշտպանն ըսած է, որ տեղեակ է, որ ան չէ կալանաւորուած: