image

Մենք գիտենք, որ Հայաստան դրական տրամադրուած է. Քալըն

Մենք  գիտենք, որ Հայաստան  դրական  տրամադրուած է. Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։

Թրքական CNNturk-ի հաղորդմամբ, Թուրքիոյ նախագահի մամուլի խօսնակ Իպրահիմ Քալըն նշած է, որ Հայաստանի հետ հիմնական խնդիրը եղած է Ղարաբաղի հարցը։ Անոր խօսքով, այդ հարցը արդէն լուծուած է։

Իպրահիմ Քալըն յիշեցուցած է, որ արդէն տեղի ունեցած էր Փաշինեան-Էրտողան հանդիպումը եւ Թուրքիան գիտէ, որ Հայաստանը յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով կառուցողական տրամադրուած է։