«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ արուեստագէտ, գեղանկարիչ, ազգագրագէտ՝ Հրազդան Թոքմաճեան:
- Պր. Թոքմաճեան, շատեր կ'ըսեն, որ կարեւոր փուլ մը կը մտնենք, ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ, Կովկասի հանդէպ հետաքրքրութիւն, զարգացումներ, սակայն տարբեր երկիրներու «խաղ»ին մէջ ըստ երեւոյթին մենք չկանք: Այսօր ինչ է Հայաստանի սովորական քաղաքացիին տագնապը:
Ես կը կարծեմ որ մենք այս երեք տարուայ ընթացքին, օր առ օր կորսնցուցած ենք մեր պետականութիւնը։ Չեմ գիտեր եթէ այսօր մենք պետականութիւն ունինք կամ ոչ։ Հայաստանի ներքին մթնոլորտը քաոսային դարձած է, բայց նաեւ ճիշդ է, որ Հայաստանի քաղաքացին իր սեփական նախաձեռնութիւնը պիտի ունենայ իրավիճակը փոխելու համար։
Կայ նաեւ իրականութիւն մը, որ արտաքին շահեր կը խաչաձեւուին մեր տարածաշրջանին մէջ ու պատկերը այնքան մը խճճուած է, որ տակաւին յստակ չէ, որ արդեօք Հայաստանի քաղաքացիի ցանկութեամբ ինչ որ բան պիտի փոխուի՞ թէ ոչ: Երբ 2018-ին իշխանափոխութիւնըեղաւ, մարդիկ կը կարծէին որ իրենք են իշխանութիւնը փոխողը, բայց ես ընդհանրապէս համոզուած եմ, որ այդպէս չէր, մեծ ուժերն էին, որ իշխանափոխութիւնը իրականացուցին օգտագործելով Հայաստանեան դժգոհութիւնները: Այդ պատճառով հիմա այստեղ դիւրիւն դիւրիւն բան չի փոխուիր եթէ նաեւ մեծ խաղացողները չկամենան, որ ինչ որ բան փոխուի:
- Այսօրուայ ընդդիմութեան այս ուժը, որ գլխաւորն է Հայաստանի մէջ, ունի՞ ինչ որ «սայլը տեղէն շարժելու» կարողութիւն: Նկատելի է նաեւ որ իշխանամէտ շրջանակներուն դէմ սկսած է դժգոհութիւնը աճիլ ու կրնայ հասուննալ: Դուք ինչպէս կը տեսնէ՞ք:
Երանի այդպէս ըլլայ, որ դժգոհութիւնը հասուննայ: Ես անցնող գարնան շրջանին նկատեցի, որ ժողովուրդի աշխոյժ ընբոստութիւնը որեւէ արդիւնք չտուաւ։ Ու այդ վիճակը մէջս կասկածներ արթնցուց, որ արդեօք հիմա ձեւաւորուող բողոքի նոր ալիք կրնա՞յ ինչ որ բան փոխել մեր երկրին մէջ։
Փաստ է նաեւ, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ արագօրէն բաներ կը փոխուին եւ շատ հնարաւոր է որ այդ փոփոխութիւնները ազդեն Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ։
- Դուք երկար ժամանակով Հալէպ ապրած էք եւ Հալէպը կարծէք վերջին «կայանն» էր «արաբական գարնան»: Որեւէ առնչութիւն տեսա՞ք այսպէսկոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» եւ Սուրիոյ զարգացումներուն միջեւ։
Հալէպեան փորձառութենէն ելլելով, 2018 թուականին, սկիզբէն արդէն ինծի համար հասկնալի էր, որ եղածները ներքին պահանջով փոփոխութիւն մը չէին։ Կար արտաքին սենար, եւ հերթով այդ ամբողջը ընթացք առաւ Մերձաւոր Արեւելքէն ու հասան մեր մօտ։
Եղածը «գունաւոր յեղափոխութիւն» էր որ ներկայացուեցաւ, որպէս բացառիկ եւ աշխարհի մէջ առաջին անգամ եղող զարգացում եւ անուանուեցաւ ծիծաղելի ածականներով ...։ Եղածն իրականութեան մէջ հերթական յեղաշրջում էր որ ծրագրուած էր ամբողջութեամբ դուրսէն։
Փաստ է նաեւ եւ օրերը ցոյց տուին, որ բոլոր մակարդակի զարգացումները չէի բխեր հայկական շահերէն ու ըսեմ աւելին, որ ներ-հայաստանեան օրակարգին մէջ այդ փոփոխութիւններ ոչ մէկ դրական նորութիւն կամ բարեփոխում բերին Հայաստանին։ Ընդհակառակը մենք խորտակուեցանք ու գացինք 30 տարի ետ: Կը կարծեմ որ նոյնիսկ սակաւապետական-օլիկարխիք պետութիւնը եթէ այդպէս էր, աւելի նախընտրելի էր քան պետութեան բացակայութիւնը, որովհետեւ սակաւապետական պետութիւնը կրնար օր մը վերածուիլ օրինական պետութեան, իսկ բացակայ պետութիւնը չենք գիտեր թէ ուր կ'երթայ:
- Իսկ ինչ կը կարծէք, Հայաստանի իշխանութիւնները սորվելիք ունի՞ն Սուրիոյ իշխանութիւններէն, որոնք 11 տարի պայքարեցան ու դեռ կը պայքարին յանուն իրենց երկրի արժանապատուութեան:
Ես մեծագոյն յարգանք ունիմ Սուրիոյ իշխանութիւններու նկատմամբ: Հայաստանի եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները իրար համեմատել կարելի չէ, բոլորովին ուրիշ դասակարգեր են... այնտեղ լուրջ քաղաքական գործիչներ կան, որոնք որոշ հարցերու մէջ, նոյնիսկ Ռուսաստանին կրնան ո՛չ ըսել, իսկ Հայաստանի մէջ ուղղակի սրճարաններէն հաւաքուած ժողովուրդ էին, որ իշխանութիւնը իրենց ձեռքը վերցուցին: